ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Ուսումնական տարի մը եւս հասաւ իր աւարտին՝ ետին ձգելով բեղուն գործունէութիւն, ամբողջացած ծրագիրներ, նուաճումներ եւ յաջողութիւններ, որոնք ասկէ ետք պիտի պատկանին վարժարանի 25ամեայ պատմութեան։ Իւրաքանչիւր ուսումնական տարի իրեն հետ պատմութեան էջերուն կը խառնէ նաեւ խումբ մը աշակերտներ, որոնք կ՛ըլլան այդ տարուան շրջանաւարտները։
Հայ քոյրերու վարժարանը այս տարի եւս ունեցաւ զոյգ աւարտական հանդէսներ՝ մանկապարտէզի եւ միջնակարգի համար։
Յունիս 12ին առաւօտեան տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի հանդէսը, վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Անտոն վրդ. Սարոյեանի, առաքինազարդ քոյրերուն, հիւրերու, ծնողներու եւ մեծ ծնողներու։
Հանդիսութիւնը սկսաւ մանկապարտէզի տնօրէնուհի Սօնա Գազանճեանի բացման խօսքով. ան ծնողներուն ներկայացուց մանկապարտէզի կատարելագործած ծրագիրները եւ հաստատեց, թէ անոնք՝ այսօրուան վկայեալները, արդէն իսկ պատրաստ են երթալու նախակարթարանի առաջին դասարան։
Աւարտական աշակերտները ներկայացուցին իրենց սորված երգերը, արտասանութիւններն ու պարերը, համարձակ եւ ինքնավստահ՝ խանդավառելով ծնողներն ու բոլոր ներկաները։ Անոնք իրենց երգերով, արտասանութիւններով ու պարերով կազմեցին ծաղիկներու գունագեղ փունջ մը՝ քաղուած ՀՔ վարժարանի մանկապարտէզէն, եւ իբրեւ անմոռանալի նուէր՝ ձօնեցին իրենց ծնողներուն, ապա վկայուեցան ու հրաժեշտ տալով անհոգ մանկութեան՝ անցան նախակրթարան։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վարժարանիս տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի փակման խօսքով: Տնօրէնուհին շնորհաւորեց բոլոր ծնողները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին՝ իրենց նուիրեալ աշխատանքին եւ մասնաւորապէս՝ այդպիսի եզակի ու յաջող հանդիսութիւն մը պատրաստած ըլլալնուն համար:
Ութերորդ դասարանի պարագային, աշակերտները ոչ միայն հրաժեշտ պիտի տային ուսումնական միջնակարգ շրջանին, այլ նաեւ պիտի բաժնուէին իրենց երկրորդ տունը դարձած վարժարանէն, երթալու համար այլազան երկրորդական վարժարաններ, իրենց հետ տանելով Հայ քոյրերու վարժարանէն իրենց աւանդ տրուած քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներն ու տարրական գիտելիքները։
Վարժարանէն ներս գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած է Ը. կարգի աւարտականներու հրաժեշտի արարողութիւնը սկսիլ եկեղեցական Ս. պատարագով։ Արդարեւ, Կիրակի, Յունիս 6ին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին տարբեր հանդիսաւոր երեւոյթ մը ստացած էր: Ս. պատարագի արարողութեան կը մասնակցէին ՀՔ վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները։ Անոնք եկած էին եկեղեցի՝ իրենց երախտագիտական զգացումները յայտնելու Աստուծոյ, իրենց հոգիներուն մէջ քրիստոնէական առաջին սերմերը ցանող առաքինազարդ քոյրերուն, իր պատարագներով եւ դաստիարակիչ քարոզներով զիրենք յորդորող վարդապետին, դաստիարակներուն ու ծնողներուն, նաեւ իրենց ուխտը կատարելու՝ խոստանալով ըլլալ լաւ քաղաքացիներ եւ պատուաբեր հայ քրիստոնեաներ։
Տասնինը շրջանաւարտները մասնակցեցան պատարագի արարողութեան: Ընթերցուածները կարդացին՝ անգլերէնով Ռիթա Պաստէքեան, հայերէնով՝ Սարին Քէշիշեան, իսկ իրենց սրտին խօսքը երկլեզու ներկայացուցին Նարեկ Խոտանեան եւ Ալեք Քիւրքճեան։ Յուզումնալից արարողութեան աւարտին, ծնողք, աշակերտ, դաստիարակ, հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ վերադարձան տուն՝ կրկին հանդիպելու յաջորդ Կիրակի, աւարտական պաշտօնական հանդիսութեան։
Յունիս 13ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ վարժարանիս ութերորդ դասարանի աշակերտներու աւարտական հանդիսութիւնը, ուր ներկայ էին Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Անտոն վրդ. Սարոյեան, առաքինազարդ քոյրերը, դաստիարակներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Փոխանցուեցան պաշտօնական խօսքեր՝ անգլերէնով եւ հայերէնով՝ ներկայացուած տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի եւ դաստիարակներ Լինտա Գանտիլեանի եւ Ուիլեըմ Պասեթի կողմէ: Աշակերտութեան կողմէ ուղերձ արտասանեցին Ռիթա Ղուկասեան (հայերէն) եւ Պարեթ Երէցեան (անգլերէն)։ Օրուան հիւր պատգամաբերն էր վարժարանիս 2002ի շրջանաւարտներէն Ալեքս Թապուռեան, որ ընթացիկ տարուան գիտական դասերու օգնական ուսուցիչ էր։ Ան իր ուսումնական կեանքի ընթացքը օրինակ բերելով՝ յորդորեց շրջանաւարտները, որ միշտ անվհատ աշխատին, որովհետեւ աշխատանքով կարելի է հասնիլ փափաքներու իրականացման։
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ հայերէն եւ անգլերէն ոտանաւորներով, խմբերգներով, որոնց դաշնամուրի վրայ կ՛ընկերակցէր վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանը։ Յայտագիրը համեմուեցաւ շրջանաւարտներէն Սարին Քէշիշեանի՝ դաշնամուրի վրայ կատարած գեղեցիկ երաժշտութեամբ: Հանդիսութեան ընթացքին գնահատագիր յանձնուեցաւ աւարտական դասարանէն Նարեկ Խոտանեանի:
Հանդիսութեան աւարտին, շրջանաւարտները իրենց վկայականները եւ նուէրները ստանձնելէ ետք, երբ Արմինէ Շէրիկեան յայտարարեց եւ կոչեց աւարտականները 2010 տարուան շրջանաւարտներ, ներկաներու ծափողջիւններու եւ ուրախութեան արտայայտութիւններու մթնոլորտին մէջ աշակերտները մէկ կողմ նետելով իրենց գլխարկները՝ հեռացան սրահէն… մինչ «Վերջին Զանգը»ի երաժշտութեան արձագանգը տակաւին կը յամենար դպրոցի պատերէն ներս։
Այսպիսով, Յունիս 13ի երեկոյեան, 19 շրջանաւարտներու միջնակարգի ուսումնական ուղեւորութիւնը վերջ գտաւ Անտոն վրդ. Սարոյեանի օրհնութեան խօսքով։ Անոնք գեղեցկօրէն արտասանելով, երգելով, եզրափակեցին իրենց 11ամեայ ուղեւորութիւնը եւ հրաժեշտ տալով՝ մեկնեցան, հաստատ քայլերով մուտք գործելու զանազան այլ երկրորդական վարժարաններ։
Յաջողութիւն շրջանաւարտներ. կը շնորհաւորենք ձեզ եւ ձեր ծնողները, կը մաղթենք բարի երթ ձեր ապագայ ուսումնական կեանքին մէջ։ Շնորհակալութիւն բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք համբերութեամբ եւ հոգատարութեամբ իրականութիւն դարձուցին աւարտական զոյգ հանդիսութիւնները։
Կ՛ուզենք յիշատակել, թէ այս տարի հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ գնահատագիրի տուչութիւն: Մեծարանքի արժանացած վարժարանիս վաստակաշատ ուսուցչուհիներէն Մարի Թիւթելեանը, որ կը գնահատուէր Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի հարցերու նախարարութեան յատուկ գնահատագիրով՝ իբրեւ երկար տարիներու հայերէն լեզուի դասատու եւ նուիրեալ աշխատող՝ Հայ քոյրերու վարժարանէն ներս։
Յիշենք, որ Մարի Թիւթելեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա. ուսումը աւարտելէ ետք նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզ եւ ծառայած է Անարատ յղութեան միաբանութեան Հայ քոյրերու վարժարանէն ներս, նախ Հալէպի մէջ, ապա՝ Քալիֆորնիոյ, միշտ նուիրուելով հայ փոքրիկներուն մէջ մայրենիին սէրը սերմանելու նուիրական աշխատանքին։ Յիշարժան է, որ Մարի Թիւթելեան իր ուսուցչական ասպարէզի կողքին հաւատաւոր միութեանական մըն է եւ անխոնջ աշխատող, միշտ կիզակէտ ունենալով հայապահպանումն ու հայ գիր ու գրականութեան տարածումը։
Վարձքդ կատար Մարի Թիւթելեան. վարժարանի ընտանիքը հպարտ է քեզմով եւ քեզի կը մաղթէ յաջողութիւն ու բարի երթ՝ շարունակելու նուիրական եւ ազգօգուտ գործունէութիւնդ։