ԵՐԵՒԱՆ, »Նիուզ«.- ՀՅԴ երիտասարդական թեւը, »Նիկոլ Աղբալեան« ուսանողական միութեան հետ համատեղ, Յունիս 30ին կը կազմակերպէ բողոքի ցոյց, ԵԱՀԿ Երեւանեան գրասենեակին դիմաց։
Ըստ կուսակցութեան յայտարարութեան, ցոյցը ուղղուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մասին կատարուած յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեան դէմ:
Ցոյցը կը մեկնարկէ Հայրենական Մեծ պատերազմի վեթերաններու եւ Արցախեան ազատագրական պայքարի հերոսներու թանգարանի (Յաղթանակի զբօսայգի) յարակից տարածքէն, ի յիշատակ ատրպեճանական վերջին յարձակումին հետեւանքով զոհուած հայ 4 զինուորներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.