ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Մէկ տարուան նախապատրաստութենէ եւ երկամսեայ մրցակցութիւններէ ետք, Յուլիսի առաջին շաբաթավերջին պիտի եզրափակուին Ճորճ Ա. Ժամկոչեանի պատուոյ նախագահութիւնը վայելող Նաւասարդեանի 35րդ մարզախաղերը եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները, »Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ«ի շրջափակէն ներս (17000 Haynes, Van Nuys, CA 91406):
Յաղթանակի պարահանդէս, չորսօրեայ փառատօն, ախոյեանութեան մրցումներ եւ ի վերջոյ փակման շքեղ հանդիսութիւն: Ահա ՀՄԸՄի երիտասարդութիւնն ու շրջանի մարզասէր հայութիւնը համախմբող բացառիկ առիթ մը, որ իր հայկական երգ ու պարով, մարզական մրցումներով, յաղթանակներ արձանագրող մեր երիտասարդութեամբ հպարտանալու բացառիկ առիթ մը պիտի ընծայէ բոլորիս, եւ, անկասկած, անմոռանալի յիշատակներ պիտի արձանագրէ մասնակիցներու գիտակցութեան մէջ:
ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ
Նաւասարդեան մարզախաղերու գլխաւոր առանցքը կը հանդիսանան մարզական մրցումները, որոնք սկիզբ առին 8 Մայիսին եւ ախոյեանութեան մրցումներով պիտի եզրափակուին 1-4 Յուլիսի շաբաթավերջին, առաւելաբար »Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ«ի մարզադաշտերուն վրայ: Նկատի ունենալով յատկապէս պասքեթպոլի մրցումներուն մասնակցող մեծաթիւ խումբերը, անոնք պիտի ընթանան նաեւ ՀՄԸՄի Կլենտէյլի »Արարատ« մասնաճիւղի եւ Pacific Community Center-ի մարզադաշտերուն վրայ:
Վոլիպոլի մրցումները տեղի պիտի ունենան Ռոզ եւ Ալէքս Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի մարզադաշտերուն վրայ, Ուրբաթ, 2 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6էն ետք եւ Շաբաթ, 3 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, իսկ ախոյեանութեան մրցումը՝ Կիրակի, 4 Յուլիսին, »Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ«ի պասքեթպոլի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ:
Նաւասարդեան մարզախաղերուն բաւական ժողովրդականութիւն ունեցող փինկ-փոնկի մրցումները տեղի պիտի ունենան 1-4 Յուլիս 2010ին, »Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ«ի Multi-Purpose սենեակին մէջ: Դասակարգային բաժանումներու եւ ժամերու ցուցակը օրը օրին պիտի տրամադրուին մասնաճիւղերու վարչութեանց:
Նոյն վարժարանէն ներս տեղի պիտի ունենան նաեւ Թենիսի եւ ֆութպոլի աւարտական մրցումները:
Քանի մը տարիներէ ի վեր Նաւասարդեան մարզախաղերուն մէջ ընդգրկուած ճատրակի մրցումները այս տարի տեղի պիտի ունենան Շաբաթ, 3 Յուլիս 2010ին, առաւօտեան ժամը 9:30էն սկսեալ, »Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ«ի Teacher՛s Cafeteria-ի մէջ, տարիքային երեք բաժանումներով՝ 12 տարեկանէն վար, 13-17 տարեկան եւ 18 տարեկան ու վեր: Մասնակցութեան սակ՝ տասը տոլար:
Լողի եւ Թեթեւ աթլեթի մրցումները արդէն իսկ աւարտած են:
ՉՈՐՍՕՐԵԱՅ ՓԱՌԱՏՕՆ
Նաւասարդեան մարզախաղերը ծաղկեցնող չորսօրեայ փառատօնը իր դռները պիտի բանայ Հինգշաբթի, 1 Յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 4ին, »Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ«ի շրջափակէն ներս, եւ պիտի շարունակուի մինչեւ կէս գիշեր: Փառատօնը նոյն ժամերուն բաց պիտի ըլլայ նաեւ Ուրբաթ, 2 Յուլիսին: Իսկ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը, 3-4 Յուլիսին՝ առաւօտեան ժամը 8էն մինչեւ կէսգիշեր:
Հինգշաբթի եւ Շաբաթ երեկոները ելոյթ պիտի ունենայ ազգային-յեղափոխական երգերու լաւագոյն մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանը: Երկու օրերուն ալ տեղի պիտի ունենայ հրավառութիւն: Իսկ Կիրակի օր, Նաւասարդեանի խնճոյքը պիտի եզրափակէ սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը:
Փառատօնի չորս օրերու ընթացքին հետաքրքրական յայտագիրներով ելոյթ պիտի ունենան նաեւ գաղութի ծանօթ երգիչներ Ժոզէֆ Գրիգորեան, Անթուան Պէզճեան, Գօգօ Հայիթեան, Հոյլարի, Արա Շահպազեան, Արնօ, Փօլ, Արթին Պետրոսեան, Յարութ Յակոբեան, Ռոպերթ Չիլինկիրեան, Սահակ Սիսլեան, Հրաչ Պողարեան, Սաշ եւ »Վիզա« նուագախումբ: Բոլոր արուեստագէտներուն պիտի ընկերակցի »Քնար« նուագախումբը:
Այս տարի եւս փոքրիկները պիտի ունենան արուեստի իրենց անկիւնը, ուր ՀՄԸՄականներու հսկողութեամբ գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներ պիտի կատարեն՝ բացայայտելով իրենց թաքուն ձիրքերը:
Զանազան մասնաճիւղեր պիտի ունենան իրենց ճաշի կրպակները եւ ՀՄԸՄականները անձնապէս պիտի մատուցեն իրենց իսկ պատրաստած հայկական համադամ ճաշերը:
ՄՈՒՏՔ
Նաւասարդեան մեծածախս աշխատանքներու նիւթապէս օգտակար ըլլալու ակնկալութեամբ, Հինգշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը, 1-3 Յուլիսին, մուտքի նուէր որոշուած է մեծերու համար՝ $6, իսկ փոքրերու՝ $4: Կիրակի, 4 Յուլիսին, մեծերու՝ $7, իսկ փոքրերու՝ $5:
ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Նաւասարդեան մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 4 Յուլիս 2010, կէսօրէ ետք ժամը 6:30ին, »Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ«ի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, պատուոյ նախագահութեամբ Ճորճ Ա. Ժամկոչեանի: Հպարտութեամբ պիտի տողանցէ շրջանի ՀՄԸՄի ողջ ընտանիքը: Յաղթական խումբերը պիտի ստանան իրենց ախոյեանութեան բաժակները:
Փակման հանդիսութենէն ետք Նաւասարդեան խրախճանքը պիտի շարունակուի փառատօնի շրջափակէն ներս: Դարձեալ պիտի հնչէ հայկական երգն ու երաժշտութիւնը՝ Նաւասարդեան մթնոլորտ մը ստեղծելով տեղական այդ կրթօճախէն ներս:
Վստահ ենք, »Պըրմինկհամ«ի շջափակը, Նաւասարդեան մարզախաղերու օրերուն, մարդկային հեղեղի պիտի վերածուի՝ փոքրիկ Հայաստանի մը մթնոլորտը ստեղծելով այդ վարժարանէն ներս:
Նաւասարդեան մարզախաղերու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար, կարելի է դիմել info@navasartiangames.com համացանցի հասցէին, կամ հեռաձայնել ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (323) 344-4300 թիւին: