ԹՈՐՈՆԹՕ, ՃՈՐՃԹԱՈՒՆ.- Ուրբաթ 25 եւ Շաբաթ 26 Յունիսի օրերը հանդիպումներով ու ձեռնարկներով յագեցած օրեր եղան Թորոնթոյի հայ գաղութին համար, Արամ Ա. կաթողիկոսի Գանատայի Հայոց թեմ տուած հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս:
Ուրբաթ առաւօտ, կաթողիկոսը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութեանց՝ ՍԴՀԿի, ՀՅԴի եւ ՌԱԿի ներկայացուցիչ անդամները: Սոյն հանդիպման մաս կը կազմէին երեք կուսակցութեանց թէ՛ վերին մարմինի եւ թէ Գանատայի մարմիններուն ներկայացուցիչները: Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան:
Աւելի քան ժամ մը տեւած միացեալ հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան ազգային պահանջատիրութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց առնչուած շարք մը հարցեր: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ այն իրողութիւնը, թէ հայ ժողովուրդը իր արդար դատի հետապնդման ճանապարհին վրայ, ներկայ հանգրուանին կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ՝ աշխարհաքաղաքական պարզուած նոր իրավիճակի լոյսին տակ:
Վեհափառը ուրախութեամբ ողջունեց երեք կուսակցութիւններուն միջեւ ծաւալող գործակցութիւնը, ազգային պահանջատիրութեան համազգային աշխատանքներուն գծով: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ ազգային միասնականութիւնը անհրաժեշտ է ամրապնդել Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել ծաւալումով: Երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, իրենց կարգին, վերահաստատեցին միջ-կուսակցական գործակցութիւնը աւելի հետեւողական ու ծրագրուած կերպով շարունակելու յանձնառութիւնը, ի խնդիր մեր համազգային շահերու ու իրաւունքներու հետապնդման:
Սոյն հանդիպումէն ետք, վեհափառին այցելեցին հարաւային Օնթարիոյի համայնքային ծուխերու՝ Քեմպրիճի, Սենթ Քեթրինզի եւ Հեմիլթընի, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ հայութեան կեանքին մասին տեղեկանալով, հայրապետը հարկ եղած թելադրութիւնները կատարեց՝ կազմակերպ ու որակաւոր աշխատանքով լաւ արդիւնքի հասնելու հեռանկարը փոխանցելով անոնց:
Իսկ երեկոյեան ժամը 7:30ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած երիտասարդութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Սուրբ Գիրքի սերտողութեան, ՀՅԴ Պատանեկան ու Երիտասարդական խմբակցութեանց ու Էջմիածնական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երիտասարդական միութեան անդամ-անդամուհիները, մասնակից դարձաւ երիտասարդութեան յատուկ աղօթքին, որուն աւարտին՝ լսեց վեհափառին պատգամը:
Հայրապետը խօսակից դառնալով երիտասարդութեան հետ, լսեց անոնց մտահոգութիւնները՝ առհասարակ մեր եկեղեցւոյ կեանքին, մարդկութեան բարոյական կացութեան վերաբերող հարցերուն, ինչպէս նաեւ մեր ազգին կեանքը յուզող խնդիրներուն մասին: Կաթողիկոսը երիտասարդութեան յատուկ մօտեցումով քննեց վերոյիշեալ հարցերը, ապա մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի աւանդութեանց ու մշակութային ժառանգութեան կառչած մնալու պատգամը փոխանցեց ներկաներուն:
Շաբաթ առաւօտ, գաղութի բոլոր կառոյցները՝ քաղաքական կազմակերպութիւններ, ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, Համազգային, Կրթական մարմին, ամէնօրեայ թէ միօրեայ դպրոցներու ուսուցչակազմեր եւ վարչական պատասխանատուներ, նախաճաշի շուրջ հանդիպում ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:
Գնատահելով տարուած աշխատանքը՝ հայրապետը նաեւ թելադրեց ներդաշնակ գործունէութիւն, հեռու խաչաձեւումներէ եւ կրկնութիւններէ: Վերոյիշեալ կազմակերպութիւններէն ու կառոյցներէն իւրաքանչիւրին գործը ու աշխատելաոճը իւրայատուկ նկատելով՝ կոչ ուղղեց համադրելու ու ներդաշնակելու բոլորը՝ ունենալով մէկ նպատակ՝ գաղութի հայ կեանքին աշխուժացումը ու մեր ազգային գոյապայքարին կենսագործումը:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 8:30ին, «Ինն Օն Տը Փարք» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ վեհափառի ընտրութեան, օծման ու գահակալութեան 15ամեակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.