ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ «Կոմունալ տնտեսութիւն» ընկերութեան փոխտնօրէն Պարգեւ Սահակեանի, Սեւանայ լիճի ափամերձ տարածքի շինութիւններէն ոչ մէկը աղբահանութեան պայմանագիր կնքած է:
Անոր հաւաստումով, այս տարի լիճի ափամերձ շրջանին մէջ կայ ընդամէնը 120 շինութիւն՝ անցեալ տարուան 360ին փոխարէն:
«Դա պայմանաւորուած է նրանով, որ մարդիկ տագնապի մէջ են, քանի որ իրենց շինութիւնները ջրի տակ են յայտնւում: Իսկ անցած տարի պայմանագիր չկնքած շինութիւնների տէրերը իրենց միջոցներով են աղբը թափել», ընդգծած է Պ. Սահակեան:
Սեւանի փոխքաղաքապետ Պապ Պետրոսեան, իր կարգին, յայտնած է, որ այս տարի աղբահանութեան պայմանագրին հարցով քաղաքապետարանը հետեւողական պիտի ըլլայ: «Այն շինութիւնները, որոնք չունեն աղբահանութեան պայմանագիր, կը տուգանուեն 100-150 հազար դրամ», ըսած է փոխքաղաքապետը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.