Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասին բնորոշ բացառիկ խաղաղութիւնն ու ընդարձակ տարածքը ե՛ւ օրհնանք են, ե՛ւ անէծք: Հին քաղաքէն ներս հող ձեռք բերելն ու անոր սրիրտին մէջ գեղեցիկ Սուրբ Յակոբ վանքը կառուցելը շատ բան կ՛ըսէ կարողութիւններուն մասին կովկասեան այս փոքր համայնքին, որ փորձած է պաշտպանել պարսպապատ սուրբ քաղաքն ունենալու արտօնութիւնը՝ շնորհուած օսմանեան սուլթաններու կողմէ. այսպիսով վերջիններս յոյս ունէին քիչ մը զերծ մնալ կրօնական թշնամանքէ:
Սակայն սակաւաթիւ հայերու թաղամասը, միւս համայնքներուն եւ յատկապէս՝ արագ ընդարձակուող դրացի հրէական թաղամասին համար, դարձած է նախանձի առարկայ: Հրէական թաղամասը Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ գտնուելու 43 տարիներու ընթացքին զանգուածային վերակառուցման ենթարկուած է, 1948-1967 Յորդանանի իշխանութեան ժամանակ քանդուելէ ետք:
Հայ եկեղեցին հպարտութեամբ կ՛արտայայտուի այն բանին մասին, թէ 301ին հայոց թագաւորը առաջինն է, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք (Հռովմէական կայսրութենէն տարիներ առաջ): Նոյն եկեղեցին քրիստոնեայ Երուսաղէմի անբաժան մասն է: Անոր շուրջ սփռուած փոքր աշխարհիկ հայկական համայնքը աւելի անվստահ է իր ապագային նկատմամբ:
6րդ դարուն Կոստանդնուպոլսոյ եւ Հռոմի իշխանութիւններուն հետ կապերը խզուելէ ետք (Յիսուսի մարդկային եւ աստուածային բնութեան շուրջ բարդ վիճաբանութիւններու պատճառով), եկեղեցին իր հետագայ գոյութիւնը ապահովեց՝ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի իրավիճակին միջոցով:
Հայկական եկեղեցին, շատ աւելի մեծ Արեւելեան ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու հետ միասին, մինչեւ օրս կը շարունակէ տնօրինել Երուսաղէմի քրիստոնէական սրբավայրեր, մասնաւորապէս՝ Սուրբ Յարութեան տաճարը, ուր հայկական եկեղեցին ունի իր մասը: Արեւելեան ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ արաբ քրիստոնեաներու փոքր համայնքը, որ կը գերակշռէ քրիստոնէական թաղամասին մէջ, կարծէք մեկուսացուցած են հայերը. անոնք կ՛ապրին հայկական թաղամասին մէջ՝ իրենց հնդեւրոպական լեզուի առանձին ճիւղ հանդիսացող լեզուով, ինքնատիպ գիրերով եւ ուրոյն աւանդոյթներով:
Հայերու եւ նուազող այլ քրիստոնեայ դաւանանքներու ժողովուրդներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներէն մէկը իրարու հետ համագործակցիլն է, եւ միեւնոյն ժամանակ՝ իրենց աւանդոյթները պահպանելը: Շատեր կ՛ողջունեն տարբեր քրիստոնէական յարանուանութիւններու պատկանող հաւատացեալներու միջեւ ամուսնութիւնները՝ զայն համարելով համայնքները պահպանելու անխուսափելի միջոց: Սակայն այդպիսի ամուսնութիւններ նաեւ հարցեր կը յառաջացնեն անոնց համար, որոնք կը ձգտին պահպանել իրենց լեզուական, կրօնական եւ այլ տարբերութիւնները:
Հակասութիւնները յաճախադէպ են ոչ միայն Երուսաղէմի մահմետականներու եւ հրէաներու միջեւ, այլեւ՝ քաղաքի քրիստոնէական սրբավայրերէն ներս: Թէեւ շատերու համար հաճելի է տեսնել Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէական զանազան յարանուանութիւններու ծիսական արարողութիւնները, սակայն վերջերս Իսրայէլի ոստիկանութիւնը եւ զինուած ուժերը յաճախ ստիպուած կ՛ըլլան բաժնել Քրիստոսի գերեզմանին մօտ իրար քաշքշող հոգեւորականները, յատկապէս՝ հայ եւ յոյն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.