ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Կիրակի, 20 Յունիսին, Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր տաճարի Ս. պատարագին եւ օրուան պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։ Ան յայտնեց, թէ ընդառաջելով Թեմիս Կրօնական ժողովի ու իր խնդրանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս «Աւագութեան» տիտղոս շնորհած է եկեղեցւոյ հովիւներէն Նարեկ քհնյ. Փեհլիվանեանի՝ գնահատելով անոր մատուցած ծառայութիւնը Կիլիկեան Ս. Աթոռի զանազան թեմերուն մէջ։
«Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ վեհափառին կոնդակը խորան բերուեցաւ եւ ընթերցուեցաւ հաւատացեալներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ։
Ապա, առաջնորդը իր գնահատանքի ու շնորհաւորանքի խօսքը արտասանեց, որմէ ետք տէր հայրը շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ։
Արարողութենէն ետք, ներկաները «Թումանճեան» սրահին մէջ հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ։ Ճաշի ընթացքին խօսք առին եւ իրենց շնորհաւորական խօսքը փոխանցեցին Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Քնար Պաղտասարեան, հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան, եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի փոխտնօրէնուհի՝ Սօսի Կիւրեղեան, որոնք գնահատեցին տէր հօր աշխատանքը եւ ծառայութիւնը։
Տէր Նարեկ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկնանց միութեան, իր պատրաստած հիւրասիրութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն, որ ի յարգանս իրեն ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագին եւ հիւրասիրութեան։ Այս ուրախ մթնոլորտին մէջ, ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին տէր հօր, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ յարատեւ նուիրեալ ծառայութիւն։
Նշենք, որ քահանայ հայրը 26 տարիներու ծառայութիւն ունի մեր եկեղեցւոյ մէջ։ Ան ծառայած է Կիպրոսի, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերուն մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.