ԱՐԵՆԻ, «Նիուզ».- Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) մէջ Յունիս 30ին տեղի ունեցած նախագահութեան նիստին, ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւէլ Աւետիսեան յայտարարած է, թէ Արենիի համալիրը, ուր վերջերս պեղուած էր աւելի քան 5500 տարեկան հնագոյն կօշիկը, յայտնաբերուած է 1970ական թուականներուն, իսկ քարանձաւներուն մէջ 2007էն ի վեր հետազօտութիւններ կ՛իրականացնեն 9 երկիրներու աւելի քան 12 հնագիտական հաստատութիւններ։
Ըստ հիմնարկի տնօրէնին, Արենիի քարանձաւներուն մէջ, բացի վերջերս գտնուած հնագոյն կօշիկէն, յայտնաբերուած են նաեւ պղնձեա-քարեդարին պատկանող եւ հրաշալիօրէն պահպանուած օրգանական այլ նիւթեր, ինչպէս՝ փայտ, ծղօտ եւ կաշի: «Հնագոյն նմուշներն Արենիի քարանձաւներում պահպանուել են շնորհիւ այնտեղ եղած բաւական կայուն ջերմաստիճանի եւ չորութեան: Իրերի պահպանուելուն մեծապէս նպաստել է նաեւ այն հանգամանքը, որ Արենիում գտնուած բոլոր նմուշները ծածկուած են եղել ինչ որ կարծր կեղեւով, ինչն էլ նմուշները փրկել է ոչնչացումից», տեղեկացուցած է Պաւէլ Աւետիսեան:
Ան նաեւ նշած է, որ հնագոյն կօշիկը յայտնաբերուած քարանձաւին մէջ, պեղումներու իբրեւ արդիւնք գտնուած են նաեւ մարդու ամենահին ուղեղը եւ գինիի թորման, նաեւ պահպանումի ամենահին հորերը: «Գտնուած խաղողի մնացորդների եւ հորերի ֆիզիկաքիմիական հետազօտութիւնները կը հաստատեն, որ մենք գործ ունենք աշխարհում ամենահին գինեգործական սրահների հետ», իր խօսքը եզրակացուցած է ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.