ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 30ին, «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցները այցելած են Հայաստանի ֆրանսական համալսարանը, ուր, համալսարանի տնօրէն տիկին Ժոէլ լը Մորզելեկ իրենց ներկայացուցած է գործող բաժանմունքները, համալսարանին կողմէ առաջարկուող մասնագիտութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդունելութեան եւ ուսումնառութեան պայմանները:
Մասնակիցները այնուհետեւ այցելած են Ե. Չարենցի, Յ. Թումանեանի եւ Մ. Սարեանի տուն-թանգարանները եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայկական վերածական համալսարանը (ՀՎՀ): Համալսարանի տնօրէն Երուանդ Զօրեան իրենց ներկայացուցած է կրթական համակարգի հնարաւորութիւնները եւ ուսումնական ծրագիրները։
Նշենք, որ ՀՎՀի նպատակն է օգնել ուսանողներուն առցանց կրթութեան միջոցով՝ ձեռք բերելու հայագիտական առարկաներու հիմնարար գիտելիքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.