«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Ճեմիլ Չիչեք Թուրքիոյ խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարած է, որ կիպրական հարցն ու ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը դասուին Թուրքիոյ ազգային հարցերու շարքին։
Չիչեք ընդգծելէ ետք, թէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը կատարած է եւ պիտի շարունակէ կատարել հնարաւորը՝ թրքական հանրապետութիւններուն աջակցելու համար, յայտարարած է, թէ Անգարա միշտ օրակարգի վրայ կը պահէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը եւ այսուհետեւ նոյնպէս պիտի շարունակէ օժանդակել Պաքուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.