ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս արդէն կը սպասուէր, Հինգշաբթի, Յուլիս 1ին, Պոլսոյ պատրիարքութեան եկեղեցական համագումար-ժողովը յատուկ նիստ մը գումարելով կատարեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի ընտրութիւնը եւ Արամ արք. Աթէշեան հոգեւոր դասու 26 անդամներէն 25ի քուէներով՝ ընտրուեցաւ այդ պաշտօնին։ Ինչպէս ծանօթ է, եկեղեցական կանոնադրութեան համաձայն, պատրիարքի հիւանդութեան եւ կամ արտասահման գտնուած միջոցին, պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնը կը տրուէր ամէնէն երէց հոգեւորականին։ Տրուած ըլլալով որ Շահան արք. Սվաճեան տարիքի բերումով չէր կրնար այդ պաշտօնը կատարել, արդէն անպաշտօն ձեւով Փոխանորդութիւնը առաջ կը տարուէր Արամ Սրբազանի կողմէ։
Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդը յատուկ արտօնութիւն տուած է, որպէսզի կրօնական առաջնորդներ ազատօրէն սքեմով շրջին եւ ամէն կրօնքէ միայն առաջնորդներն է, որ այդ իրաւունքէն կ՛օգտուէին։ 1998էն ի վեր այդ արտօնութիւնը կը գործածէր Մեսրոպ Պատրիարք։ Հիմա, համապատասխան դիմումի հիման վրայ, կուսակալութիւնը կրնայ այդ իրաւունքը շնորհել Արամ Սրբազանին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Աթէշեան սրբազան եւ իր կողմնակցները շատ լաւ խաղ մը խաղացին որպէսզի Աթէշեանը օրինաւոր կերպով ընտրուի պատրիարքի փոխանորդ:Նախ Կեսարիոյ եկեղեցիի մէջ Աթէշեան քեմալական ոճով քեմալական քարոզ մ ը տուաւ համայնքին պատարագի ժամանակ որպէսզի սիրաշահի պետութեան վստահութիւնը.Յետոյ Շիրինողլուի հետ Անքարա գացնին եւ տեսնուեցան վարչապետի հետ:Այս տեսակցութիւններէն վերջ Շիրինողլուի յայտարարութիւնները հրապարակուած է ին նաեւ Ասպարէզ թերթի մէջ:Կը մտածեմ որ պատրիարքարանի փոխանորդ ընտրուելու մասին Աթէշեանի ըրած փոքր մէգ խնդրանքը պետութեան կողմէ ետ պիտի չի դարձուէր:Մնաց որ պատրիարքի ընտրութեան խնդրին այսպէս լուծուիլը պետութեան ալ գործին կուգայ: