
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 2ին ընդունած է նոյն օրը Ստեփանակերտ ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռոպերթ Պրատթքի (ԱՄՆ) եւ Իկոր Փոփով (Ռուսիա):
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք։
Կողմերը քննարկած են ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլը, վերջին զարգացումներն ու հեռանկարներուն վերաբերող կարգ մը հարցեր: Հանդիպումը տեւած է շուրջ երկու ժամ:
Նախագահ Սահակեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի ապակառուցողական քայլերը կը հանդիսանան հակամարտութեան կարգաւորման ամենամեծ խոչընդոտը, որուն առնչութեամբ, նախագահը նշած է, որ Պաքուի կողմէ հրադադարի վարչաձեւի խախտման վերջին դէպքերը միջազգային հանրութեան կողմէ չեն ստացած համապատասխան գնահատական, ինչ որ իր կարգին, աւելի կը կոշտացնէ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը:
Երկրի ղեկավարը կրկին շեշտած է, որ Արցախի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը սակարկութեան առարկայ չեն, եւ անցեալը վերադարձնելու ցանկացած փորձ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով:
Բ. Սահակեան անգամ մը եւս հաստատած է Արցախի հաւատարմութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, եւ նշած, որ զայն խեղաթիւրելու եւ փոփոխելու փորձերը միայն բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենան բանակցային գործընթացին վրայ:
Այստեղ, նախագահը շեշտած է հակամարտութեան կարգաւորման լիարժէք ձեւաչափի վերականգման ու բանակցութիւններուն մէջ Արցախի լիիրաւ մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, որուն իրենց համաձայնութիւնը տուած են նաեւ համանախագահները՝ ընդգծելով, որ ատիկա միայն ժամանակի խնդիր է:
Կողմերը նշած են նաեւ, որ հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքին ուժի դիմելու տարբերակը բացարձակապէս անընդունելի է։
Համանախագահներու Հանդիպումը Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ այլ քաղաքական
ղեկավարներու հետ, մեզ ազգովին յաւելեալ կերպով առնջակից եւ յուսալից կը դարձնէ Արցախի
անկախութեան եւ ազատագրուած մեր հողամասերու պահպանման ամրապնդման, ինչպէս նաեւ
Շահումեանի, մարտակերտի Գետաշենի Ատրպէյճանի սուլթանութեան կողմէ զաւթուած
հողամասերու ազատագրման ոգորումին:
Կարծեմ թէ Մամետեարովը գլած անցած է ապատեղեկատւութեան մրցանիշը, նոյնիսկ
գերազանցելով իր աւագ եղբայրը Թուրքիան, ինչու չէ ան նաեւ կը փորցէ մէկ քայլ աւելի
առաջ անցնիլ իր աւագ ուսուցիչ, մարտաշունչ փուչիկներով հանդէս եկող, Ալիեւական փքուած
յոխորտանքներով յագեցուած ելոյթներեն:
Ու անմիջապէս կը յիշեմ մեր անմահ արձակագիր Շաւարշ Նարդունիի խօսքերը,
(Հաւ մը կ՝երգեր Շանզ Էլիզէի հրապարակին վրայ) կա կա կա…….