
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2010, կէսօրէ ետք ժամը 4ին, Ճորճ Ա. Ժամկոչեանի պատուոյ նախագահութիւնը վայելող «Պըրմինկհամ հայ սքուլ»ի շրջափակէն ներս իր դռները բացաւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու առիթով կազմակերպուած փառատօնը: Երեկոյեան ժամը 7ին, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներու մեներգումով փառատօնի գեղարուեստական բաժնի բացումը կատարեց ծանօթ երգիչ Սահակ Սիսլեան: Ապա ժողովրդային երգերով ելոյթ ունեցաւ սիրուած երգիչ Հրաչ Պողարեան՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով փառատօնի շրջափակէն ներս:
Ոտքի էր ՀՄԸՄի ողջ ընտանիքը, որուն իւրաքանչիւր մասնաճիւղը իր պատրաստած համադամ ճաշերով կը հիւրընկալէր հազարաւոր հանդիսատեսները, որոնք մարդկային հեղեղի վերածած էին Պըրմինկհամի տարածքը, հայկական շունչն ու ոգին սփռելով ամէնուրեք:
Նաւասարդեան յանձնախումբի եւ ենթայանձնախումբի անդամ-անդամուհիները կազմ ու պատրաստ կը հիւրընկալէին ՀՄԸՄի համակիր հասարակութիւնը եւ կը հսկէին ընթացող ծրագիրներուն:
Հոն էին ՀՄԸՄի կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գօգօ Պալեան, պատուոյ նախագահ Ճորճ Ա. Ժամկոչեան, նախկին պատուոյ նախագահներ եւ տիպար ՀՄԸՄականներ, մասնաճիւղերու վարչութիւններ: Հոն էին շրջանի քոյր կազմակերպութիւնները, որոնք նաեւ իրենց յատուկ քարոզչական կրպակները ունէին փառատօնի շրջափակէն ներս: Հոն էին շրջանի բազմազան առեւտրականները: Փոքրիկները ունէին իրենց խաղավայրն ու արուեստի անկիւնը: Ուրախ էր մթնոլորտը, նաւասարդեան հարազատ ոգին կը տիրապետէր ներկաներուն մօտ:
Ուրախալի էր «Ասպարէզ»ի եւ «Հորիզոն»ի ներկայութիւնը, որոնք օրը օրին Նաւասարդեան լուրերը կը հաղորդեն հանրութեան:
Երգիչ Պողարեանի հրամցուցած գեղեցիկ երգերէն ետք, բեմը դարձեալ տրամադրուեցաւ Սահակ Սիսլեանին, որ ինչպէս միշտ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեց ներկաներուն մօտ:
Այնուհետեւ, Նաւասարդեան հարազատ մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ այնքան սպասուած երգիչ Գառնիկ Սարգիսեանի ժամանումով, որ իր հրամցուցած ազգային եւ յեղափոխական երգերով եւ անոնց ընկերակցող հրավառութեամբ շիկացուց արդէն իսկ աննախընթաց խանդավառ մթնոլորտը:
Գառնիկ Սարգիսեան, ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ այսօր երեկոյեան, որուն երգերուն դարձեալ պիտի ընկերակցի հրավառութիւնը:
Փառատօնի ուրախ մթնոլորտին զուգահեռ, նոյն վարժարանի պասքեթպոլի երեք մարզադաշտերուն վրայ ընթացան նաեւ պասքեթպոլի զանազան դասակարգերու մրցումները, որոնք սկիզբ առած էին մէկ օր առաջ Չորեքշաբթի, 30 Յունիսին: Յաղթանակի ոգին կը տիրապետէր յատկապէս երիտասարդութեամբ լեցուն մարզադաշտերէն ներս: Կարգ մը դասակարգեր արդէն իսկ աւարտեցին իրենց երկամսեայ պայքարը, ինչպէս էր պարագան պասքեթպոլի Ե. դասակարգի աղջկանց պարագան: Մեծ ոգեւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս դասակարգի ՀՄԸՄի «Մասիս» ընդդէմ «Սիփան» ախոյեանութեան մրցումը, մարզասէրներու ոգեւորիչ ներկայութեամբ, որ վերջ գտաւ «Մասիս»ի ախոյեանութեան յաղթանակով:
Հինգշաբթի, Յուլիս 1ին, նոյն վարժարանի մարզադաշտերուն վրայ սկիզբ առին նաեւ թենիսի մրցումները, որոնց պատասխանատուութիւնը վստահուած է շրջանային փոխմբապետուհի եւ միաժամանակ մարզիկ Նանօր Տէյիրմէնճեանին: Մրցումները շարունակուեցան նաեւ Ուրբաթ, 2 Յուլիսին: Նոյն օրը երեկոյեան, «Ռոզ եւ Ալէքս Փիլիպոս» Ազգ. վարժարանի մարզադաշտին վրայ սկիզբ առին նաեւ վոլիպոլի մրցումները:
Մարզական մրցումները կը շարունակուին նաեւ այսօր, Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի, Pacific Community Center-ի եւ «Ռոզ եւ Ալէքս Փիլիպոս» Ազգ. վարժարանի մարզադաշտերուն վրայ:
Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի շրջափակէն ներս պիտի շարունակուին նաեւ փինկ-փոնկի, ճատրակի եւ ֆութպոլի բոլոր դասակարգերու մրցումները:
Նաւասարդեան յաղթանակները յատկանշող չորսօրեայ աշխատանքները փակման յատուկ հանդիսութեամբ պիտի եզրափակուին վաղը Կիրակի, 4 Յուլիս 2010, կէսօրէ ետք ժամը 6ին, Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, ուր ՀՄԸՄի նուագախումբի ոգեւորիչ քայլեղանակներով պիտի տողանցէ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը: Պիտի յանձնուին Նաւասարդեանի ախոյեանութեան բաժակները:
Փակման հանդիսութենէն ետք Նաւասարդեան խրախճանքը պիտի շարունակուի փառատօնի շրջափակէն ներս սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի խանդավառ երգերով:
Կը սպասուի շրջանի հայութեան հոծ ներկայութիւնը:
Նաւասարդեան Մարզախաղերու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է դիմել info@navasartiangames.com համացանցի հասցէին կամ հեռաձայնել ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան գրասենեակը՝ (323) 344- 4300 թիւին: