ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարի Հայաստան այցելութիւնը պէտք է առիթ դառնայ, որ նախագահ Պարաք Օպամա ազդարարէ քաղաքական իր գիծի փոփոխութիւնը՝ այդ տարածաշրջանին եւ Հայաստանի ուղղութեամբ:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կանոնաւորման ընդհանուր տարազով ներկայացուած քաղաքական գիծը արդէն ապացուցուած է իբրեւ ձախող ուղղութիւն, որ ոչ միայն չկրցաւ մեղմացում բերել կողմերուն միջեւ, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան սպառնացող մթնոլորտ մը ստեղծեց՝ շնորհիւ այս ամբողջ գործընթացի ատրպեճանական իւրայատուկ ընկալման:
Հիլըրի Քլինթընի Երեւան այցելութեան նախօրեակին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն խաչիկեան եւ գրասենեակի վարիչ տնօրէն Արամ Համբարեան հրապարակային յայտարարութիւններով դիմեցին ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարին, որ վերանայի իր քաղաքականութիւնը Հայաստանի, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Ղարաբաղեան հարցին վերաբերեալ:
Ամերիկայի Հայ Դատի պատասխանատուները տիկին Քլինթընէն ընդամէնը կ՛ակնկալեն, որ յարգէ Միացեալ Նահանգներու որդեգրած հիմնական սկզբունքները, յատկապէս՝ այն դրոյթները, որոնք կը վերաբերին ժողովրդավարութեան եւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքներուն: Ճնշելու, տնտեսական եւ քաղաքական լծակներով իր կամքը պարտադրելու ընթացքին սրբագրումը կը պահանջէ համայն ամերիկահայութիւնը:
Տիկին Քլինթըն Յուլիս 4ին Ամերիկայի Անկախութեան տօնը պիտի անցնէ Երեւանի մէջ: Արարատի շուքին տակ ծաղկող հայոց մայրաքաղաքէն տարածաշրջանին սթափ հայացքով նայելու առիթ թող ըլլայ այս մեծ տօնը: