
Էջը Պատրաստեց՝ ՃՈՐՃ ԱՏՈՒՐԵԱՆ
Իսկական անունով՝ Աշոտ Մալաքեան: Ծնած է 1920ին, Թուրքիոյ Ռոտոսթօ քաղաքը: Մանուկ հասակին, ստիպուած ըլլալով հեռանալ իր ծննդավայրէն (Մեծ Եղեռնի ընթացքին)՝ անոր ծնողքը կը փոխադրուի Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը. ան, յետագային, իր մանկութեան յիշողութիւնները կը պատմէ իր մօր ձօնած 1991ի «Մայրիկ» ֆիլմին մէջ, ապա երիտասարդութեան փորձառութիւնները՝ նոյն ֆիլմի շարունակութիւն-ֆիլմին՝ «588 ռիւ Փարատի»ի («588 rue Paradis») մէջ:

1947ին, Հ. Վերնոյ կարճ ֆիլմի ծրագիրի մը գաղափարը կը ներկայացնէ այդ օրերուն Ֆրանսայի ամենանշանաւոր դերասան Ֆերնանտելին: Դերասանը կը հաւնի գաղափարը. Վերնոյ շարժապատկերը կը բեմադրէ եւ Ֆերնանտելի հետ անոր համագործակցութիւնը կը շարունակուի՝ առիթ ընծայելով իրականացնելու այլ ֆիլմեր, որոնցմէ են՝ «Լը Ֆրուի Տեֆանտիւ» («Le Fruit Defendu»), 1952, «Լը Մութոն ա Սենք Փաթ» (Le mouton a cinq pattes), 1954, «Լա Վաշ Է Լը Փրիզոնիէ», («La Vache et Le Prisonier»), 1959:
Հ. Վերնոյ իր ֆիլմերուն գծով աշխատակցած է նաեւ այլ աշխարհահռչակ դերասաններու հետ, ինչպէս՝ Գլոտիա Գարտինալէ, Անթոնի Քուին, Եուլ Պրայնըր, Ժան Կապեն, Հենրի Ֆոնտա, Ժան Փօլ Պելմոնտօ, Ալան Տըլոն, Իվ Մոնթան եւ այլն:
1996ին, իր կեանքի ընթացքին ֆիլմարուեստին մէջ ունեցած վաստակին համար, Հանրի Վերնոյ ստացաւ պատուոյ «Սեզար»ը (ֆրանսական «Օսքար»): Ան իր մահկանացուն կնքեց Յունուար 2002ին:
Հանրի Վերնոյ բեմադրած է եռատասնեակէ աւելի ֆիլմեր. ստորեւ՝ անոնցմէ կարեւորագոյններուն ցանկը.
«588 ռիւ Փարատի», 1993
«Մայրիկ», 1992
«Լէ Մորֆալու», 1984
«Միլ Միլլիար տը Տոլար», 1982
«Ի Քոմ Իքար», 1979
«Լը Քօր տը Մոն Էնմի», 1976
«Փէօր Սիւր լա Վիլ», 1975
«Լը Սերփան», 1973
«Լը Քաս», 1971
«Լը Քլան տէ Սիսիլիէն», 1969
«Լա Վենթսենքիէմ Հէօր», 1967
«Լա Ֆրանսէզ է Լ՛ամուր», 1960
«Լա Վաշ Է Լը Փրիզոնիէ», 1959
«Լը Մութոն ա Սենք Փաթ»1954
«Լը Ֆրուի Տեֆանտիւ», 1952

————————————————————————————————————
Էրիք Նազարեան Կը Մասնակցի «Մի Մոռնար Զիս, Իսթանպո՛ւլ» Մէկտեղուած Կարճ Ֆիլմերու Ծրագիրին

Պալգանեան եւ Միջին Արեւելեան երկիրներէ եկած վեց շարժապատկերի բեմադրիչներ ծրագրած են միասնական ճիգերով իրականացնել ժապաւէն մը՝ նիւթ ունենալով Պոլիս (Իսթանպուլ) քաղաքը, որուն յիշատակներուն հորիզոնները կ՛անցնին Թուրքիոյ սահմաններէն անդին՝ հասնելով այլ երկիրներ, եւ որուն պատմութիւնը կը պատկանի նաեւ այդ երկիրներուն:
Սոյն ժապաւէնի բեմադրիչները յոյսով են, որ ֆիլմը ներկայացուի Քաննի պէս հեղինակաւոր փառատօներ:
Ծրագրուած ֆիլմը նպատակ ունի նաեւ նոր սերունդին յիշեցնելու Պոլիս քաղաքի ազդեցութեան մասին՝ բազմաթիւ ազգերու հաւաքական յիշողութեան մէջ: Անիկա եղած է կարեւոր կեդրոն մը, որ կը միացնէ Արեւելքը Արեւմուտքին:
Վերոնշեալ բեմադրիչներն են՝ Պոսնիայէն՝ Այտա Պեճիք, Սերպիայէն՝ Սթեֆան Արսենիեւիչ, Յունաստանէն՝ Սթերճիոս Նիզիրիս, ԱՄՆէն՝ Էրիք Նազարեան, իսկ Պաղեստինէն՝ Օմար Շարկաուի եւ Հենի Ապու Ասատ:
Հուսէյն Քարապէյ՝ Ֆիլմի արուեստի ղեկավարը (aristic director), կը յայտնէ, թէ երկու տարի առաջ, երբ ան կը մասնակցէր Թեսաղոնիկէի ֆիլմի փառատօնին, հանդիպած էր յոյն բեմագիր (screenwriter) Փեթրոս Մարքարիսի: Անոնք իրարու հետ խօսած են Պոլսոյ մասին, եւ Մարքարիս նկարագրութեան ընդմէջէն յայտնաբերուած է, թէ Քարապէյ այսօր կը բնակի այն տան մէջ, ուր Մարքարիս կը բնակէր 40 տարի առաջ:
«Այդպիսի զուգադիպութիւն անհաւատալի էր, նոյնիսկ շարժապատկերի մը մէջ», կ՛ըսէ Քարապէյ, աւելցնելով,

որ շատ յուզիչ էր իմանալ, որ անոնք ունին այդքա՛ն հասարակաց նոյնութիւն: «Անմիջապէս յիշեցի պալքանեան երկիրներէն եւ Միջին Արեւելքէն իմ միւս ընկերներս եւ գործակիցներս, որոնց պատմութիւնները հին կապեր ունէին Իսթանպուլի հետ, եւ որոնց մասին յաճախ կը լսէի», կ՛ըսէ ան, ապա կ՛աւելցնէ, որ պալքանեան երկիրներէն եւ Միջին Արեւելքէն շատեր շատ ուժեղ կապեր ունին այս քաղաքին հետ, նոյնիսկ եթէ անոնք երբեք հոն գտնուած չըլլան:
Քարապէյ կը յայտնէ նաեւ, որ վերոյիշեալ բեմադրիչները պիտի աշխատին երիտասարդ թուրք դերասաններու եւ տաղանդաւոր ուսանողներու հետ համագործակցաբար: «Հարցը պարզապէս ֆիլմ մը նկարահանելը չէ», կ՛ըսէ ան՝ աւելցնելով, որ ծրագրին մէջ ներգրաւուած անձերը առիթ պիտի ունենան շահելու հարուստ փորձառութիւն:
Հուսէյն Քարապէյ Փեթրոս Մարքարիսը մէջբերումով կը նախընտրէ նկարագրել Իսթանպուլը կամ՝ Պոլիսը. «Անձ մը կրնայ ստեղծել պատմութիւն մը բազմաթիւ քաղաքներու մասին, սակայն Պոլիսը քաղաք մըն է, որ ի՛նք պատմութիւն կը ստեղծէ»: