ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Գիտութեան ու կրթութեան նկատմամբ աշխարհի ուշադրութիւնը ամէն օր աւելի՛ կեդրոնացում կ՛արձանագրէ: Նոյնիսկ պարագաներու բերմամբ, միայն նախնական կրթութիւն ստացած ծնողներ հետամուտ են իրենց զաւակներուն բարձրագոյն կրթութիւն ապահովելու: Թերեւս ամբողջովին ալ առանց գիտնալու թէ ի՞նչ առաւելութիւններ պիտի բերէ այդ ուսումը իրենց զաւակներուն, դարձեալ կը հետապնդեն զանիկա, եւ կը բաւարարուին մտածելով, որ վստահաբար իրենց կեանքի պայմաններէն աւելի լաւ պայմաններ պիտի ունենան անոնք այդ ուսման շնորհիւ:
Ուսանողներ ուսման հանդէպ իրարմէ տարբեր մօտեցում կ՛ունենան առհասարակ: Անոնցմէ քիչեր միայն կը նային բարձրագոյն ուսման իբրեւ միտքի հորիզոնը ընդարձակող, ու քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ մարդը քայլ մը առաջ տանող իրականութիւն: Որոշ խաւ մը միայն անոր մէջ կը տեսնէ նոր աշխարհահայեացք, որ ամէն բանէ առաջ հանդուրժողութեան կ՛առաջնորդէ, ու կեանքի երեւոյթները վերլուծել կը սորվեցնէ հանդարտ, եւ ո՛չ նախադատ տրամադրուածութեամբ:
Ուսանողներէն շատեր գործի ասպարէզի հետամուտ ըլլալով, ուսումը կը նկատեն միջոց՝ շատ ու շուտ հարստանալու: Ներկայ երիտասարդութեան գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն է ասիկա: Ինչպէ՞ս կարելի է շատ եւ շուտ ձեռք ձգել կեանքի մէջ այն՝ ինչ որ պիտի շահինք: Անցնող սերունդի հանգրուանային բարձրացումը, ու հետզհետէ դիրքի տիրացումը, ներկայ սերունդի գործելաոճէն ու հասկացողութենէն դուրս կը մնայ ու բնաւ չի՛ համապատասխաներ ներկայ կեանքի հեւքոտ վազքին: Ամէն մարդ կը վազէ, նոյնիսկ առանց մտածելու թէ ո՞վ պիտի շահի մրցանակը: Այսօրուան մրցադաշտը, իւրաքանչիւր մարդու համար կարծէք առանձին կառուցուած ըլլայ: Երբեմն քովի վազողին անգամ դառնալով նայելու ժամանակ չունին մարդիկ: Նոյն ասպարէզին մէջ մասնագիտացած մէկ կամ երկու անձերու դիմաց, այսօր բիւրաւորներ կարելի է թուել: Ամբողջ քաղաքի մը բժիշկը յանուանէ կը ճանչցուէր անցեալին, իսկ այսօր միայն մէկ գիւղի մէջ այնքան ընտրութիւն կարելի է կատարել միեւնոյն մասնագիտութիւնը ունեցող բժիշկներու միջեւ:
Ուսանողներուն մեծ մասը գիտէ, որ բարձրագոյն ուսումը, գործի ասպարէզին դռները ո՛չ միայն լայն կը բանայ, այլ գործատիրոջ քսակէն ելլելիք վճարումներուն չափն ու քանակը կը ճշդէ, քսակին բերանին դրուած կապին «առաձգականութիւնը կը սահմանէ»: Վկայականներուն աստիճանաչափերը կը ճշդեն այսօր այդ սակերը, երբեմն ալ՝ այն անուանի համալսարաններուն անունները, որոնք կը վաւերացնեն այդ վկայականները:
Անվերջանալի ճանապարհ նկատուող ուսումը, որ սովորաբար երեք տարեկանէն կը սկսի, յատկապէս իր բարձրագոյն աստիճաններուն վրայ աւելի կարեւոր կը նկատուի: Մինչ, մանուկին ամէնէն առաջին քայլերը դպրոցին մէջ, ու ամէնէն խոնարհ դասարաններուն մէջ ջամբուող կրթութիւնը, շատ աւելի կ՛արժէ քան համալսարանական ուսումը: Ամէնէն քաղաքակիրթ երկիրներէն նկատուող Զուիցերիան, իր մանկապարտէզի ուսուցիչներուն աւելի բարձր թոշակ կը վճարէ, քան համալսարանի դասախօսներուն: Այս երկու բաժիններուն մէջ պաշտօնավարող անձերուն մասնագիտութեան պարզ բաղդատականը ցոյց կու տայ, թէ ո՞րն է աւելի էական. մանուկին հոգեկան աշխարհին կազմաւորման աշխատա՞նքը, թէ՞ արդէն իսկ կազմաւորուած երիտասարդը տարհամոզելու փորձը: Առաջինը դիւրին կը թուի, իսկ երկրորդը՝ դժուար: Սակայն առաջինը շատ աւելի կարեւոր՝ մարդկային ընկերութիւնը ճիշդ հաստատելու իմաստով, քան երկրորդը՝ որ պարզապէս սխալները շտկելու երբեմն յուսահատեցուցիչ գործն է: Առաջինին վրայ շեշտը դնող ընկերութիւնը, բնա՛ւ պէտք պիտի չունենայ յիշելու այն առածը որ կ՛ըսէ. «Ծուռ աճած ծառը երբ շտկել փորձես՝ կրնան անոր ճիւղերը կտրուիլ»:
Այսօրուան բարձրագոյն կրթութեան հիմնարկները այնքան դրութենականացած վիճակ կը ներկայացնեն, որ տուեալ նիւթին համադրումը կատարուած ըլլալով, յստակ մատուցումով աշակերտները արեւելում կը ստանան իրենց յառաջիկայ մասնագիտութեան համար: Հին ուսուցիչներու ծունկերուն դիմաց նստելով, այդ պահուն անոնց ապրումներուն ու տրամադրութեան համապատասխան գիտութիւն չի ստանար այսօրուան ուսանողը, այլ նոյն նիւթին մասնագէտ բոլոր անձերուն փորձառութիւնը իբրեւ մէկտեղուած գիտութիւն, դասաւորուած ձեւով կը սորվի, սակայն շատ քիչ պատեհութիւն ունենալով ի՛ր ներդրումը կատարելու: Երեւոյթ՝ որ մարդը կ՛առաջնորդէ ընդօրինակելու ունակութեան, եւ միայն «ուրիշի՛ն գիտցածը» իւրացնելու կրաւորական ընթացքի:
Տրուա՛ծը միայն առնելու գործողութենէն աւելի՛ նուազ վիճակ կը ներկայացնէ ընդօրինակութիւնը, որ պարզապէս եղածը նկարելու ծոյլ արարքն է, եւ որ անհատա-կանութիւնը կը սպաննէ մարդուն մէջ: Ընդօրինակութիւնը կը խոչընդոտէ որոշում առնելու եւ կեցուածք արտայայտելու մեծ առաւելութիւնը՝ որ մարդուն մէջ ի ծնէ կը գտնուի: Ամէն մարդ ի ծնէ ինքնավստահութեան զգացումը կ՛ունենայ իր մէջ, ու անով կ՛առաջնորդէ իր կեանքը, եթէ պարագաներու բերմամբ անիկա չտկարանայ, կամ անփութութեան հետեւանքով ամբողջութեամբ չկորսուի:
Այդ ինքնավստահութիւնը ինքնադաստիարակութեան աղբիւրն է: Մարդ ամէն օր ինքզինք կրնայ դաստիարակել, ինքնաշխատութեան ճամբով, որ զինք պիտի առաջնորդէ ինքնազարգացման: Ասոնց ծանօթ չըլլար համալսարանին դուռն անգամ, սակայն, տարբեր միջոցներով կրնան այնպիսի մակարդակ նուաճել, որով կրնան համապատասխան քայլ պահել տուեալ ժամանակին հետ: Ճիշդ է, ասոնց պարագային եւս ուրիշներուն գրածը, ըրածը, խօսածն ու փորձառութիւնը առաջին աղբիւր ու դասագիրք կը դառնան, սակայն բնական քաջութիւնը դէպի առաջ անցնելու, զիրենք կը մղէ իրենց ներդրումը կատարելու անոնց վրայ:
Ուրիշին գիտցածը իւրացնելը ամէնէն հեշտ գործերէն մէկը կը համարուի, սակայն անոր վրայ սեփական ներդրում կատարելը՝ մարդը կ՛արժանացնէ անհատականութիւն կամ ինքնութիւն ունեցող մարդոց փաղանգին անդամակցութեան, որոնք գիտութիւնը յառաջ կը տանին, ու պատմութիւն կը կերտեն: Անպայման հանճարեղ ծնունդներ չեն ասոնք, այլ երբեմն ինքնուս եւ բարի տրամադրութեամբ կեանքին նայող պարզ մարդիկ: Այսպիսիներ կը զատորոշուին մարդկային ընկերութենէն յատկապէս իրենց որոշում առնելու կամքովը: Ոմանց համար ինչքան դժուար է երբեմն որոշում առնելը, նոյնիսկ ամէնէն անձնական հարցերու պարագային, ինչպէս ամուսնութեան համար թեկնածուներէն մէկուն կամ միւսին ընտրութիւնը, եւայլն:
Ուրիշին գիտցածը, իբրեւ գիտութիւն եւ ուղեցոյց, իր արժէքը չի՛ կորսնցներ, մանաւանդ երբ անիկա հիմնաւորուած է ու փորձառութեամբ հաստատուած: Սակայն, զայն իւրացնելէ ետք, անոր վրայ սեփական ճիգով յաւելում չկատարելը, մարդը կ՛առաջնորդէ իմացական ստրկութեան: Իմացապէս անկախանալու ամէն փորձ սակայն, պէտք է բազմաթիւ փորձառութիւններով հաստատուի, որպէսզի ուրիշին գիտցածը հարստանայ մե՛ր գիտցածով, ու ամէնո՛ւն բարիքին ծառայէ: