ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 26 Յունիս 2010ի երեկոյեան, արտասովոր եռուզեռի մէջ էր Կլենտէյլ «Հիլթըն» պանդոկի պարտէզն ու նախասրահը, ուր համախմբուած էին մեծ թիւով ՀՄԸՄասէրներ եւ համակիրներ՝ տօնախմբելու ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ մարզախաղերու յաղթանակները, եւ անգամ մը եւս իրենց սէրն ու յարգանքը փոխանցելու ՀՄԸՄին: Այո՛, ՀՄԸՄին, այն երիտասարդ կազմակերպութեան, որ իր ազգանպաստ պարտականութիւնը կատարելով՝ մաքուր միջավայր մը կը ստեղծէ հայ երիտասարդութեան, հայրենիքէ դուրս հեռաւոր այս ափերուն վրայ:
Մէկ ժամուան ընկերային ուրախ ժամանցէ մը ետք, ժամը ութին, ներկաները առաջնորդուեցան գեղեցկօրէն զարդարուած սրահը եւ գրաւեցին իրենց տեղերը:
Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ ԱՄՆի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներով, զորս գեղեցկօրէն մեներգեց խոստմնալից երիտասարդ երգչուհի Լարա Ղարիպեանը, որ իր գեղեցիկ ձայնով հմայեց ներկաները՝ արժանանալով անոնց բուռն ծափահարութիւններուն:
Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան երկրէն դուրս գտնուելու պատճառով, զայն ներկայացուց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանը, որ սեղաններու օրհնութիւնը կատարելէ ետք, փոխանցեց նաեւ սրբազան հօր օրհնութիւնները:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով, ներկաները ողջունեց Շրջ. վարչութեան անդամ Րաֆֆի Խաչատուրեանը, որ երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի անցեալի եւ ներկայի ղեկավարներուն, որոնք 35 տարիներ շարունակ, նուիրումով կազմակերպեցին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերը: Այս առիթով, ան կոչ ըրաւ ներկաներուն շարունակելու իրենց աջակցութիւնը, որպէզի ՀՄԸՄը կարենայ իր հոգածութեան յանձնուած սերունդները հայօրէն դաստիարակել:
Ապա, ներկայացնելով օրուան հանդիսավարի՝ California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչ եւ «Լինսի» հիմնարկի նախագահ Յարութ Սասունեանի, բեղուն գործունէութեամբ լեցուն կենսագրական գիծերը, բեմը յանձնեց անոր:
Յ. Սասունեան, առաջին հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան, որ մասնակից կը դարձէ զինք եզակի այս երեկոյին: Ապա, անդրադառնալով ՀՄԸՄի կարեւորութեան՝ ընդգծեց, թէ ան պատմական զուգադիպութեամբ հիմնուած է 1918ին, Հայաստանի Ա. հանրապետութեան ստեղծման տարին: Իսկ վեր առնելով 1976ի սկիզբ առած Նաւասարդեան մարզախաղերու իրագործման կարեւորութիւնը, եւ իբրեւ այդ օրերու լրագրողի ականատեսի իր վկայութիւնները տալով՝ ընդգծեց 1968ին ծնունդ առած ՀՄԸՄի ուռճացումը, որուն արդիւնքն են այսօրուան 17 մասնաճիւղերը՝ աւելի քան 8000 անդամներով:
Սասունեան յատկապէս ընդգծելով ՀՄԸՄի առաքելութիւնը՝ բացատրեց զայն իրականացնող մարզական եւ սկաուտական օգտաշատ ծրագիրները եւ կոչ ըրաւ ներկաներուն, անպայման ներկայ գտնուելու 1-4 Յուլիսի շաբաթավերջին «Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ»ի մէջ իրականացող Նաւասարդեան մարզախաղերու եզրափակիչ ձեռնարկներուն: Ապա ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը ներկայացնող Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ եղբ. Գօգօ Պալեան, ՀՕՄի եւ Համազգայինի Շրջ. վարչութեանց ներկայացուցիչներ, ՀԲԸՄի հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանի ատենապետ Պերճ Շահպազեան, Ամերիկեան Սկաուտութեան Վըրտիւկօ շրջանի խորհուրդի նախագահուհի Ռահլա Լինտսի, 43րդ շրջանի նահանգային խորհուրդի անդամի ներկայացուցիչ Քրիսթին Աղախանեան, Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահներ, տիպար ՀՄԸՄականներ, հովանաւորներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՄԸՄի աշխատանքները, հետապնդած նպատակները եւ յատկապէս վերջին տարիներուն իրագործուած ծրագիրները արտացոլող տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը, որ երկարաշունչ ծափողջոյններով մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Շրջ. վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Սթիւ Արթինեան, որ առաջին հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար կը հանդիսանան ՀՄԸՄին, որ աւելի քան քառասուն տարիներէ ի վեր կը ծառայէ գաղութի երիտասարդութեան:
«10 հազար պատանիներ օգտուած են ՀՄԸՄի ծրագիրներէն: ՀՄԸՄը կը սորվեցնէ, կ՛առնչէ, կը ներշնչէ եւ կ՛առաջնորդէ մեր երեխաները արդիւնաւէտ կեանքի՝ միաժամանակ անոնց մէջ շեշտաւորելով ընտանիքը, համայնքը եւ մեր հարուստ աւանդութիւններն ու մշակոյթը: Մենք այս բոլորը կ՛ընենք մեր համեստ եւ նուիրեալ կամաւոր ՀՄԸՄական բանակին միջոցաւ, որ մեր կազմակերպութիւնը ամէն բանէ առաջ կը դասէ: Անոնցմէ շատերը այսօր մեզի հետ են եւ կը ներկայացնեն ՀՄԸՄի մասնաճիւղեր, համայնքներ, խումբեր եւ խմբաւորումներ: Անոնք կը ներկայացնեն այն, ինչ օգտակար է ՀՄԸՄին. անոնք մեր հերոսներն են»:
Իսկ անդրադառնալով ՀՄԸՄի կարեւոր նուաճումներուն՝ Արթինեան ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց, թէ «Անցնող քանի մը տարիները պատմական եղան ՀՄԸՄի համար: Թէեւ մեր աշխատանքային ճամբորդութիւնը դիւրին չեղաւ, սակայն ան կարեւոր էր, եւ մենք մեր առաւելագոյնը տուինք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր դիմաց ունինք մարտահրաւէրներ, զորս յաղթահարելու համար, մենք պէտք է ձեռքերնիս սոթտած՝ աշխատինք եւ աշխատցնենք»:
Այս իմաստով, եղբայրը հպարտութեամբ ներկայացուց Շրջ. վարչութեան ներկայ կազմը, Շրջ. յանձնախումբերու ներկայացուցիչները՝ չմոռնալով անցեալի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւնները եւ ՀՄԸՄին թիկունք կանգնող հայորդիներու աշխատանքը:
Իսկ ընդգծելով ՀՄԸՄի յաջողութիւնները՝ եղբայրը վստահեցուց, թէ.
«Մենք անցեալէն սորված ենք,
Մեր համայնքը զօրաւոր է,
Մեր նպատակը ազնիւ է,
Մեր կամքը՝ հաստատուն»:
Իր ոգեւորիչ պատգամէն ետք, տեսաերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ «Տիպար ՀՄԸՄական-2010» տիտղոսին արժանացած Պերճ Ճամճեանի կենսագրական գիծերը, որմէ ետք Արթինեան բեմ հրաւիրեց զայն եւ ակնարկուած տիտղոսը յատկանշող յուշատախտակը յանձնեց անոր:
Մեծապէս զգացուած իրեն ընծայուած պատիւին համար, Ճամճեան փոխանցեց սրտի իր խօսքը՝ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնելով Շրջ. վարչութեան, ըսելով. «Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ այն սակաւաթիւ ՀՄԸՄականներու ցանկին վրայ, որոնք այս տիտղոսին արժանացած են: Բոլոր ՀՄԸՄականներն ալ, առանց վերապահութեան, օգտակար կը հանդիսանան հայ երիտասարդութեան: Մեր ակնկալութիւնն է, որ մեր երիտասարդութիւնը հաճելի ժամանց ունենայ, մասնակցի մարզական եւ սկաուտական գործունէութեանց եւ իր ապրած երկրին տիպար քաղաքացի հանդիսանայ: Տարիներու ընթացքին մենք բազմացանք, ցաւ ի սիրտ, եղան մեզմէ առ յաւէտ բաժնուողներ, սակայն ՀՄԸՄի առաքելութիւնը կը շարունակուի:
«…իմ սիրտս սկաուտութեան, եւ յատկապէս մեր իրականացած երազանքին՝ ՀՄԸՄի նոր բանակավայրին մէջ է, որուն գոյութիւնը շարունակելու համար հսկայական աշխատանք ունինք կատարելիք, ի սէր մեր երիտասարդութեան եւ համայնքին, որուն համար ձեր զօրակցութիւնը կը խնդրենք»:
Այնուհետեւ, դարձեալ տեսաերիզի միջոցաւ ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄի 35րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Ճորճ Ա. Ժամկոչեանը, այն տիպար հայը, որ հաւատալով ՀՄԸՄի առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն՝ սիրայօժար ստանձնեց պատուոյ նախագահի հպարտալի պարտականութիւնը:
Յոտնկայս ծափողջոյններով բեմ առաջնորդուեցաւ Ճորճ Ա. Ժամկոչեանը, որ յուզումնախառն ուրախութեամբ ստանձնեց ՀՄԸՄի 35րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը, հպարտօրէն իր ուսին վրայ կրելով Նաւասարդեան մարզախաղերու մետալներով զարդարուած եռագոյն երիզը:
Պատուոյ նախագահութիւնը յատկանշող Եռագոյն երիզի փոխանցման արարողութեան ընկերակցեցան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 33րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ՝ ՀՄԸՄականներ տէր եւ տիկ. Վահագն եւ Պայծառ Թովմասեանները:
Պաշտօնապէս իր պատասխանատու պարտականութիւնը ստանձնելէ ետք, Ճորճ Ա. Ժամկոչեան, երախտագիտական իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Շատ զգացուած եմ այսօր, որովհետեւ կը նախագահեմ ՀՄԸՄի 35րդ Նաւասարդեան մարզախաղերը: Ինծի համար մեծ պատիւ է այս տիտղոսը ստանալը: Այս առիթով, կու գամ խորին շնորհակալութիւններս յայտնելու ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան, որ ինծի վստահեցաւ այս պատուոյ նախագահութիւնը: Այս փորձառութիւնը յաւիտեան պիտի դրոշմուի յիշողութեանս մէջ: Յարգանք ու մեծարանք ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին»:
Յայտագրի վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան մարզախաղերու 35ամեակը խորհրդանշող մոմավառութիւնը: Աւելի քան 35 ՀՄԸՄասէրներ, մասնաճիւղեր եւ յարգելի ազգայիններ, իրենց սեղաններուն վրայ վառեցին հրամցուած գեղեցիկ մոմերը՝ յատկանշելով Նաւասարդեան մարզախաղերու 35 լուսաւոր տարիները, եւ արժանացան ներկաներու գնահատանքին:
Պաշտօնական յայտագրի աւարտին, ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր: Ներկաները Նաւասարդեան յաղթանակներու նոր չափանիշներ նուաճելու հաստատ համոզումով մեկնեցան տուն՝ Յուլիսի առաջին չորս օրերը Նաւասարդեան խանդավառութեամբ անցնելու հեռանկարով:
Օրուան մոմավառները.
* ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութիւն
* ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութիւն
* ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
* ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղ
* ՀՄԸՄի Ինլընտ Էմփայրի «Արազ» մասնաճիւղ
* ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
* ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղ
* ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղ
* ՀՄԸՄի Ֆութպոլի վեթերաններ
* Տէր եւ Տիկ. Արա Ճէճէեան
* Տէր եւ Տիկ. Վահագ Թովմասեան
* Տէր եւ Տիկ. Միրօ Խանզադեան
* Տիկ. Ժասիկ æառահեան
* Տէր եւ Տիկ. Արա Թոմասեան
* Տիար Գօգօ Թօփալեան
* Տէր եւ Տիկ. Արա Մարաշլեան
* Տէր եւ Տիկ. Մհեր Դաւիթեան
* Տէր եւ Տիկ. Վիգէն Աբէլեան
* Տէր եւ Տիկ. Պերճ Պետոյեան
* Տոքթ. եւ Տիկ. Ժան Եքիքեան
* Տէր եւ Տիկ. Օշին Յարութիւնեան
* Տէր եւ Տիկ. Զաքար Չորպաճեան
* Տէր եւ Տիկ. Արամ Թոմաս
* Օրդ. Թալին Հինտոյեան
* Տէր եւ Տիկ. Անտի Անտոնեան
* Տէր եւ Տիկ. Ժան Գասպարեան
* Տէր եւ Տիկ. Մանուէլ Մարսէլեան
* Տոքթ. եւ Տիկ. Սարգիս Արեւեան
* Տէր եւ Տիկ. Յարութ Տոնոյեան
* Տիար Աբօ Սաղտճեան
* Տէր եւ Տոքթ. Վաչէ Սողոմոնեան
* Տիար Արա Քալֆայեան
* Տէր եւ Տիկ. Կայծակ Զէյթլեան
* Տէր եւ Տիկ. Պերճ Քէօլեան
* Տէր եւ Տիկ. Ժիրայր Սարգիսեան
* Տէր եւ Տիկ. Շահէ Քիրոքեան