ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Նիուզ».- Ըստ «A-info»ի փոխանցած տեղեկութիւններուն, 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանին, æաւախքի հայկական դպրոցներու կրթական համակարգին մէջ կը նախատեսուին շարք մը փոփոխութիւններ։ Պիտի կրճատուին հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաժամերը՝ իրենց տեղը զիջելով վրացերէնին, իսկ հայերէնով դասաւանդուած բոլոր նիւթերը պիտի ներկայացուին երկլեզու համակարգով. դասերու առաջին կէսը մասնագէտները պիտի վարեն հայերէնով, երկրորդ կէսը՝ վրացերէնով, որուն կը հետեւին նաեւ աշակերտները։
Նոյն տեղեկութիւններով, յետայսու պիտի չգործեն նաեւ դպրոցներու տարրալուծարանները, բժշկական բաժանմունքները, երգի-պարի խմբակները եւ գրադարանները, ինչ որ համապատասխանաբար պիտի ազդէ նաեւ աշխատանքային տեղերու կրճատման հարցով:
Նշենք, որ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր, կարեւոր խնդիր կը համարուի նաեւ դասագիրքերու ձեռքբերման հարցը, հաշուի առնելով, որ վերջին տարիներուն, Հայաստանի մէջ հրատարակուող եւ անվճար տրամադրուող հայալեզու դասագիրքերը անհասանելի են ջաւախքահայ աշակերտներուն, որոնք, փոխարէնը՝ ստիպուած են ձեռք բերել Վրաստանի մէջ լոյս տեսնող Մեսրոպատառ դասագիրքեր՝ բաւական սուղ գինով:
Պէտք է նաեւ նշել, որ նշեալ դասագիրքերը կ՛առանձնանան իրենց անյաջող թարգմանութեամբ, տառասխալներով, խրթին շարադասութեամբ ու շատ յաճախ նաեւ՝ աղաւաղուած բովանդակութեամբ, ինչպէս Վրաստանի պատմութիւնը ներկայացնող դասագիրքերը, որոնք հայ աշակերտին կը ներկայացուին հայոց պատմութեան առնչուող աղաւաղուած քարտէսագրութեամբ ու պատմական իրադարձութիւններով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.