ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արամ Խաչատրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ, Յուլիս 1ին կայացաւ «Մեր ժամանակի աշուղները» խորագիրը կրող համերգը, զոր կը ներկայացնէին խումբ մը աշուղներ եւ «Սայեաթ Նովա» աշուղական երգի վաստակաւոր խումբը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Թովմաս Պօղոսեան, իսկ գործիքային մասի ղեկավարը՝ Արտեմ Խաչատուր:
«Նման համերգի նախադէպը չի եղել, քանի որ անցեալում պայմաններն ու հնարաւորութիւնները թոյլ չեն տուել», իր խօսքին մէջ նշեց Թովմաս Պօղոսեան, որուն խօսքով, հայերը տարածաշրջանին մէջ աշուղական ամենահարուստ աւանդոյթներ ունեցող ժողովուրդն են, սակայն նոյնիսկ աշուղական միութիւն կամ գիտական լուրջ բաժին չենք ունեցած:
«Այսօր արդէն կայ աշուղական միութիւն, որը բնականաբար անգործութեան չի կարող մատնուել, երբ իր շուրջը համախմբել է 40ից աւելի աշուղների», յայտնած է Թովմաս Պօղոսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.