ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Երուսաղէմի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին կրնայ յայտնուիլ պանդոկի մը բակին մէջ։ Հարցն այն է, որ քանի մը ամիս առաջ հրէական շինարարական կազմակերպութիւն մը Երուսաղէմի քաղաքապետարանին հետ համաձայնութիւն գոյացուցած էր, որ հայկական եկեղեցւոյ յարակից տարածքը տրամադրուի պանդոկ կառուցելու համար։
Համաձայնութիւնը գոյացած է առանց հայկական եկեղեցւոյ համաձայնութեան։
Այս որոշումը բողոքի ալիք մը բարձրացուցած է Երուսաղէմի հայերուն, ինչպէս նաեւ թաղամասի բնակիչներուն մօտ, որոնք բողոքի ցոյց կատարած են այն պատճառով. ցոյցին ընթացքին կազմակերպուած է նաեւ ստորագրահաւաք։ Անոնք կը կարծեն, թէ բարձրայարկ պանդոկային համալիրը պիտի փճացնէ թաղամասի պատմական եւ ճարտարապետական ընդհանուր տեսքը։
Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ նախատեսուող շինարարութեան առնչութեամբ ստորագրահաւաք կազմակերպուած է նաեւ տուեալ թաղամասի բնակիչներուն ստեղծած կայքէջին վրայ։ Հրէական շարք մը լրատուամիջոցներ, որոնց շարքին՝ իսրայէլեան պատկերասփիւռի առաջին ալիքը, անդրադարձած են հայ համայնքի ցոյցին ու հայերու բողոքին։
Նշենք, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կառուցուած է 1887ին, գերմանացիներու կողմէ, ապա Տաճարականներու արտաքսումէն ետք՝ նուիրուած է Հայոց պատրիարքարանին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.