ԱԹԷՆՔ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 30ին, իր աշխատանքները աւարտեց Յունաստանի Օլիմպիա քաղաքին մէջ Ողիմպիական միջազգային ակադեմիոյ Երիտասարդական 50րդ միջազգայն համաժողովը:
Սոյն համաժողովին ներկայ գտնուեցան Հայաստանը ներկայացնող երկու երիտասարդուհիներ՝ Գոհար Գասպարեանն ու Վարդուհի Ալեքսանեանը, որոնք 93 երկիրներէ ժամանած 200 երիտասարդներու հետ միասին, քննարկեցին «Ողիմպիական Շարժումը՝ Խաղաղութեան հիմք» (The olympic movement as a platform for peace) թեման:
Հայկական ներկայութիւնը շեշտուած էր այս համաժողովին, նկատի ունենալով, որ բացի Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներէն, ժողովին մասնակցութիւն բերին Լիբանանէն Վաչէ Զուրաբեան (իբրեւ անդամ Լիբանանի ողիմպիական ակադեմիոյ եւ նախագահ հեծելարշաւի Լիբանանի խումբին), Միքայէլ Աբրահամեան (Ուրուկուէյի ողիմպիական ակադեմիոյ ներկայացուցիչ) եւ Ա. Աբէլեան՝ թարգմանիչի պաշտօնով:
Բացման եւ փակման հանդիսութիւնները անցան յունական պետական դէմքերու ներկայութեամբ: Բացումը կատարեց մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Փաւլոս Երուլանոս:
Ակադեմիան կը գործէ Միջազգային ողիմպիական յանձնախումբի հովանաւորութեամբ, հիմնական նպատակ ունենալով յառաջացնել ու տարածել ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան, համագործակցութեան, փոխադարձ հասկացողութեան եւ բարեկամութեան գաղափարները: Ժողովի աշխատանքներուն ընթացքին մասնակցողներուն առիթ տրուեցաւ կարճ զեկոյցով մը հանդէս գալու՝ ներկայացնելով իրենց երկրի ձեռքբերումները Ողիմպիական շարժման կապակցութեամբ: Ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Գոհար Գասպարեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.