
Ըստ ԵԱՀԿ պաշտօնական կայքէջին, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Պեռնար Ֆասիյէ (Ֆրանսա) եւ Ռապերթ Պրատթքի (ԱՄՆ) Յուլիս 3-5ի ընթացքին Հայաստան, Ատրպէյճան եւ ԼՂՀ կատարած այցէն ետք, հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ, ուր ըսուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դեսպան Պրատթքի եւ դեսպան Փոփով տեղի տէ ֆաքթօ իշխանութիւններուն ներկայացուցած են խաղաղ կարգաւորման վերջին զարգացումները՝ ներառեալ նախագահներ Մետվետեւի, Օպամայի եւ Սարքոզիի Յունիս 26ի յայտարարութիւնը: Անոնք նաեւ քննարկած են Յունիս 18-19ին շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպը, զոր որակած են իբրեւ հրադադարի անընդունելի խախտում, անգամ մը եւս ցաւ յայտնելով զոհերուն համար եւ դատապարտելով ուժի կիրառումը: Երեւանի մէջ երեք համանախագահները հանդիպած են նախագահ Սերժ Սարգսեանին, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին: Ատրպէյճանի մէջ անոնք հանդիպած են նախագահ Իլհամ Ալիեւին, արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովին, ՊՆ Սաֆար Ապիեւին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանէն տեղահանուած ատրպէյճանցիներու ներկայացուցիչներուն:
Երեւանի եւ Պաքուի մէջ ունեցած իրենց հանդիպումներուն ընթացքին՝ համանախագահները ընդգծած են խաղաղ կարգաւորման աջակցելու իրենց երեք երկիրներու յանձնառութիւնը՝ հիմնուած ուժ չկիրառելու, տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներու եւ ինքնորոշման Հելսինկեան սկզբունքներու վրայ: Այդ առումով անոնք ընդգծած են առկայ առաջընթացը եւ երկու երկիրներու համաձայնութիւնը այն մասին, որ երեք նախագահներուն կողմէ ԼԱքուիլայի մէջ եղած եւ Յունիս 26ին կրկնուած յայտարարութեան մէջ տեղ գտած դրոյթները պէտք է հիմք ծառայեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար: Անոնք կոչ ըրած են կողմերուն՝ կառուցողական փոխզիջման ոգիով կատարել յաջորդ քայլը եւ աւարտին հասցնել հիմնարար սկզբունքներու վրայ աշխատանքը, որ հնարաւորութիւն կու տայ սկսիլ խաղաղութեան համաձայնագրի մշակումը: Անոնք նաեւ կոչ ըրած են կողմերուն՝ խստօրէն պահպանել 1994ի զինադադարը եւ զսպուածութիւն ցուցաբերել շփման գիծին վրայ: Այցի ընթացքին, համանախագահները կողմերուն ներկայացուցած են նաեւ շրջափակուած տարածքներ այցելելու իրենց աշնան ծրագիրը, որ սկզբունքօրէն ընդունուած է:
Համանախագահները յոյս ունին, որ իրենց պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ Յուլիս 16-17ին տեղի կ՛ունենայ հանդիպում մը, Ալմաթայի մէջ իրականացուելիք ԵԱՀԿ նախարարներու ոչ պաշտօնական համաժողովին ընթացքին: