ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տնօրէն Արամ Համբարեան, անդրադառնալով Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի միացեալ մամլոյ ասուլիսին, կը յայտնէ, որ Հայ Դատի յանձնախումբը հիասթափուած է այն բանէն, որ Քլինթըն ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Երեւանի մէջ կրկնեց ուժ չկիրարկելու արտաքին գործոց նախարարի յորդորը՝ ուղղուած երկու կողմերուն, խուսափելով Պաքուն մեղադրելէն։
«Դիւանագիտական այսպիսի լեզու մը թէեւ առաջին հայեացքէն անկողմնակալ կը թուի, սակայն հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու շահագրգռուածութիւնը շրջանային կայունութեան հարցին մէջ, գործնականին մէջ հակաարդիւնաւէտ է, որովհետեւ կ՛անտեսէ եւ նոյնիսկ կը քաջալերէ ազրպէյճանական յարձակումին շարունակականութիւնը», ըսած է ան։
«Մեր ամերիկեան անկախութեան տօնէն ոգեշնչուած՝ մենք յոյս ունէինք, որ Քլինթըն ուղղակի կոչ կ՛ուղղէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մնայուն լուծում գտնելու՝ հիմնուելով ժողովրդավարութեան հիմնարար արժէքներուն եւ ինքնորոշման իրաւունքին վրայ։ Ի վերջոյ, եթէ 1776ին հիմնադիր հայրերը շարժէին արտաքին գործոց նախարարութեան տրամաբանութեամբ, Միացեալ Նահանգներ մինչեւ հիմա բրիտանական գաղութ պիտի ըլլային»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.