
ԵՐԵՒԱՆ.- Յուլիս 4ին պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, Յուլիս 5ի առաւօտեան այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիրը ու ծաղկեպսակի տեղադրում կատարած՝ Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
«Պետական քարտուղարը մասնաւոր այցով եղաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ իր յարգանքի տուրքը մատուցելու 1.5 միլիոն հայերուն, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին 1915 թուականին», ըսուած է Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանութեան մամլոյ բաժնի տարածած հաղորդագրութեան մէջ, ըստ որուն, Քլինթընի այցը կը մատնանշէ ԱՄՆ կառավարութեան սերտ գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ։
Կ՛արժէ նշել, որ ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, երբ ԱՄՆ պետական գերատեսչութեան ներկայացուցիչ մը կ՛այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր։
Յուլիս 4ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընն ու անոր պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով հիւրը՝ Հայաստանի նախագահը յայտնած է, թէ ինք վստահ է, որ Միացեալ Նահանգներու ԱԳ նախարարի երկար սպասուած այցելութիւնը մեծ նպաստ պիտի բերէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու խորացման գործին, նաեւ պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ փոխվստահութեան մթնոլորտի ամրապնդման:
Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է պետական քարտուղարը՝ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան տօնին առիթով, եւ շնորհակալութիւն յայտնած ԱՄՆ կառավարութեան ու անձամբ Հիլըրի Քլինթընին՝ «Հայաստանի Հանրապետութեանը ցուցաբերուող քաղաքական, տնտեսական եւ թեքնիքական օժանդակութեան համար»:
Իր կարգին, Հ. Քլինթըն յայտնած է, թէ իրեն համար մեծ պատիւ եւ հաճոյք է գտնուիլը Հայաստան, յատկապէս, երբ ԱՄՆը կը նշէ իր Անկախութեան տօնը. «Վաղը նաեւ ձեր Սահմանադրութեան օրն է. եւս մէկ կապ ԱՄՆի եւ Հայաստանի միջեւ», նկատած է ան:
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահը յայտնած է, թէ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած ամենակարեւոր խնդիրը ԼՂ հիմնահարցի՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համապատասխան լուծումն է, եւ թէ Միացեալ Նահանգներ երկար տարիներու ընթացքին իր ներդրումը բերած է ԼՂ խնդիրի կարգաւորման գործին մէջ:
Ըստ նախագահին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իրաւունք ունի իր պատմական տարածքին վրայ ազատ տնօրինելու իր ճակատագիրը. «Այս իրաւունքն անքակտելի է, եւ այս իրաւունքի իրացման շնորհիւ է, որ այսօր աշխարհում շատ ժողովուրդներ իրենց երջանիկ են զգում», նշած է Սերժ Սարգսեան։
ԱՄՆի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի նախագահին, այն բանին համար, որ Հայաստան կը գնահատէ Հելսինկիի սկզբունքներու հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հարցին մէջ՝ ԱՄՆ վարչակազմի եւ նախագահ Օպամայի կողմէ գործադրած ջանքերը:
Իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելով ԱՄՆ նախագահին եւ ԱԳ նախարարին՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ իրենց գործադրած ջանքերուն համար՝ Հայաստանի նախագահը յայտնած է. «Չնայած նրան, որ թուրքերը պատրաստ չէին եւ այսօր էլ պատրաստ չեն առանց նախապայմանի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու, մեզ համար չափազանց կարեւոր է զգալ Միացեալ Նահանգների վարչակազմի վերաբերմունքն այս խնդրի վերաբերեալ»:
Այնուհետեւ նախագահ Սարգսեան մեծարգոյ հիւրը պատուած է աշխատանքային ընթրիքով, որմէ ետք տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարի մամլոյ ասուլիսը:
«Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է Հայաստան գտնուիլը. շնորհակալ եմ Հայաստանի նախագահէն եւ արտաքին գործոց նախարարէն՝ հիւրընկալութեան համար: 1991ին, Հայաստանի անկախացումէն ետք, ԱՄՆ Հայաստանի գործընկերն է. այսօր անկախութեան հռչակագրի ընդունման 234րդ տարեդարձը տօնող Միացեալ Նահանգները գիտէ, թէ որքա՛ն արժէքաւոր է անկախութիւնը: Հայաստանի հանրապետութիւնն ու հայ ժողովուրդը ունեցած են հպարտ պատմութիւն եւ խոստմնալից ապագայ: Մեծ է ամերիկահայ համայնքին դերը ԱՄՆի մշակութային եւ տնտեսութեան բնագաւառներուն մէջ», ընդգծած է ԱՄՆ պետական քարտուղարը:
Քլինթըն յայտնած է, թէ Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին, անոնք անդրադարձած են անվտանգութեան, ժողովրդավարական զարգացման ու հարեւաններու հետ բնականոն յարաբերութիւններու հարցերուն:
«Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը կը տեսնենք իբրեւ Հայաստանի հետագայ խաղաղ եւ անվտանգ բարգաւաճման երաշխիք: Հայաստանի մէջ մենք մեծ դրամագլուխ կը տեսնենք. այստեղ կայ աշխատասէր ժողովուրդ, որուն ձեռքերուն մէջ է սեփական երկրին ապագան: Տնտեսութեան բարելաւման եւ ուժանիւթային կարողութիւններու հզօրացման գործին մէջ մենք կրնանք միասին աշխատիլ», ընդգծած է ԱՄՆ նախարարը:
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ նշած է. «Ես ուրախ եմ ողջունելու Ձեզ՝ Հայաստան կատարած առաջին այցի կապակցութեամբ: Առանձնայատուկ պատիւ է, որ դուք Հայաստան էք եկել Յուլիսի 4ին՝ ԱՄՆ Անկախութեան օրը, որի առթիւ սրտանց շնորհաւորում եմ Ձեզ եւ բոլոր ամերիկացիներին: Ձեր երկրի հիմնադիր հայրերը, 234 տարի առաջ անկախութեան հռչակագրով հիմնելով անկախ Միացեալ Նահանգները՝ ապացուցեցին, որ ոչինչ չի կարող զրկել ժողովուրդներին անկախութեան իրաւունքից. դա ապացուցեցինք նաեւ մենք՝ հայերս»:
Անոր խօսքերով, անկախութեան առաջին օրերէն, ամերիկացիները եղած են հայերու կողքին: Հայաստանի եւ ԱՄՆի միջեւ յարաբերութիւնները հետզհետէ խորացած են, յատկապէս՝ վերջին երկու տարիներուն։
Ըստ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարին, նախագահ Սարգսեանի վերջին այցելութիւնը Ուաշինկթըն եւ հանդիպումը նախագահ Պարաք Օպամայի հետ կարեւոր հանգրուան էր փոխըմբռնման խորացման եւ յարաբերութիւններու զարգացման համար: Երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն մէջ առանձնայատուկ դեր ունի ամերիկահայ համայնքը: Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները միակարծիք են միջազգային յարաբերութուններուն վերաբերող բազմաթիւ հարցերու մէջ: «Մենք համամիտ ենք, որ անհրաժեշտ է բոլոր ջանքերը ներդնել՝ ԼՂ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանը հասնելու համար, հիմնուելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքների վրայ, մասնաւորապէս՝ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան, ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան: Մենք համամիտ ենք, որ տարածաշրջանում անհրաժեշտ է ստեղծել հանդուրժողականութեան մթնոլորտ, եւ ոչ թէ ցուցաբերել ռազմատենչ վարքագիծ: Մենք համամիտ ենք, որ հայ-թուրքական յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուեն առանց որեւէ նախապայմանի», ըսած Է. Նալբանդեան:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդիրին՝ նախարար Հ. Քլինթըն յայտնած է, թէ անիկա պէտք է կարգաւորուի ԵԱՀԿ Հելսինկեան եզրափակիչ «աքթ»ի երեք սկզբունքներուն՝ ուժի չկիրառման, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի եւ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն հիման վրայ, ինչ որ, ըստ անոր, ընդգծուած է նաեւ ԱՄՆ նախագահին կողմէ, իր ռուս եւ ֆրանսացի գործընկերներ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Նիքոլա Սարքոզիի հետ հանդիպումներուն ընթացքին:
Քլինթըն նաեւ ընդգծած է ԱՄՆի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, թէեւ կը գիտակցի, որ ատիկա բարդ գործընթաց է: Ան նաեւ ընդգծած է, թէ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ կ՛աշխատին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբն ու համանախագահող երկիրներու ղեկավարները: «Այդ իմաստով, մենք առաջընթաց կ՛ակնկալենք բանակցային գործընթացին մէջ՝ հակամարտութեան վերջնական եւ երկարաժամկէտ լուծման հասնելու համար», յայտարարած է ամերիկացի նախարարը:
Ան անթոյլատրելի համարած է հակամարտութեան լուծման բռնի միջոցներուն վերադառնալը՝ ափսոսանք յայտնելով Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ հրադադարի խախտման վերջին դէպքին առնչութեամբ: «Մենք կը ցաւինք զոհերուն համար, եւ չենք ուզեր, որ նոր մարդիկ զոհուին, չենք ուզեր, որ բանակցային գործընթացը վատթարանայ, ուստի կոչ կ՛ընենք կողմերուն ձեռնպահ մնալու նման գործողութիւններէ», յայտարարած է Հ. Քլինթըն:
Իր հերթին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, թէ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ եռակողմ հանդիպմանը, պետութիւններու ղեկավարները պայմանաւորուած են շարունակել բանակցութիւնները այն կէտին շուրջ, որ արձանագրուած է Ս. Փեթերզպուրկի մէջ: «Այդ գործընթացին աջակցութիւն են յայտնել ԱՄՆի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսիայի նախագահները՝ «Մեծ ութեակ»ի շրջանակներում արած իրենց յայտարարութեամբ: Եւ այդ պայմանաւորուածութիւններին համապատասխան էլ, մենք պէտք է շարունակենք բանակցութիւնները ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների հետ», ըսած է Հայաստանի ԱԳ նախարարը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանը համակարծիք է ԱՄՆի հետ այն բանին մէջ, որ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի Հելսինկեան եզրափակիչ «աքթ»ի երեք սկզբունքներու հիման վրայ: «Մենք նաեւ համակարծիք ենք ռազմատանեչ հռետորաբանութիւնից զերծ մնալու եւ տարածաշրջանում հանդուրժողականութեան մթնոլորտ հաստատելու հարցում», հաստատած է Նալբանդեան:
Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին՝ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հ. Քլինթըն յայտնած է, թէ գնդակը այժմ կը գտնուի հակառակորդին կողմը, եւ հասած է գործելու անո՛նց ժամանակը: «Մենք հիացած ենք Հայաստանի նախագահին քաղաքականութեամբ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով, եւ տպաւորուած ենք Երեւանի ապրիլեան որոշումով, որուն հիմամբ հայկական կողմը ետ չէ կանչած իր ստորագրութիւնը հայ-թրքական արձանագրութիւններէն, հակառակ կողմին ձեռնարկած խոչընդոտներով հանդերձ», յայտարարած է Քլինթըն՝ աւելցնելով, որ ԱՄՆ կոչ ըրած է Թուրքիոյ նոյնանման ջանքեր գործադրելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ, քանի որ ատիկա կը բխի ոչ միայն երկու երկիրներու, այլեւ ողջ տարածաշրջանի շահերէն:
Հ. Քլինթըն նաեւ ընդգծած է, որ հայ-թրքական սահմանի բացումը խթան կը դառնայ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: Ան իր կողմէ աջակցութիւն խոստացած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հաստատման հարցով: «Ես եղած եմ Ցիւրիխ, երբ կը ստորագրուէին հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Երկու երկիրներու ղեկավարները խիզախ քայլ կատարեցին՝ նախաձեռնելով այդ գործընթացին: Յոյսով ենք, որ խոչընդոտները կը յաղթահարուին եւ յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացը կը շարունակուի», յայտարարած է Հ. Քլինթըն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով ԱՄՆի աջակցութեան համար՝ վերահաստատած է Երեւանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու գործընթացը, առանց նախապայմաններու, երբ Անգարան պատրաստ ըլլայ իր կողմէ համարժէք քայլեր կատարելու:
Ասուլիսէն ետք, Քլինթըն ու Էդուարդ Նալբանդեան հետիոտն շրջած են Երեւանի կարգ մը փողոցներ։
Նշենք, որ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարը Յուլիս 5ին հանդիպած է նաեւ Հայաստանի աւելի քան 25 քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, որոնք զայն տեղեկացուցած են Հայաստանի մէջ առկայ քաղաքական բանտարկեալներուն մասին: