
ՊԱՔՈՒ, «Թերթ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքի, «Պի.Պի.Սի.»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին բացայայտած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչութեամբ ընթացող բանակցութիւններու որոշ մանրամասնութիւններ:
Ան նշած է, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի այցելութիւնը Հայաստան եւ Ատրպէյճան կարեւոր դեր խաղաց հակամարտութեան կարգաւորման մօտեցման մէջ, անգամ մը եւս հաստատելով, որ ԱՄՆ վճռական է կողմերուն աջակցելու՝ հարցին լուծում մը գտնելու համար:
«Այս հարցով պէտք է զարգանայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երկիրներու առաջնորդներուն դերակատարութիւնը: Առաջնորդներու դերի շեշտաւորման մասին կը վկայեն ԱՄՆ նախագահի միացումը՝ Գանատայի մէջ կատարուած յայտարարութեան, եւ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարի՝ վերջերս Հարաւային Կովկաս կատարած այցելութիւնը: Քլինթըն արտայայտեց իւրօրինակ միտք՝ ըսելով, որ երբեմն դէպի խաղաղութիւն ամենավերջին քայլերը ամենադժուարը կ՛ըլլան», ըսած է Պրատթքի՝ աւելցնելով, որ երբեմն ոչ մեծ քայլերը շատ աւելի մեծ նշանակութիւն կրնան ունենալ:
Համանախագահը նաեւ յայտնած է, թէ ապահովուած է որոշ առաջընթաց: Կողմերը համաձայն են, որ լուծումը պէտք է հիմնուի Հելսինկեան սկզբունքներուն վրայ: Կողմերը կ՛ընդունին այն վեց տարրերը, զորս երկու անգամ ներկայացուցած են ԱՄՆի, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ նախագահները: «Անոնք են՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժամանակաւոր եւ վերջնական կարգավիճակները, զբաղեցուած տարածքներու վերադարձը, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ուղիղ միջանցքը, փախստականներու եւ բռնի տեղահանուածներու վերադարձի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ապահովման միջազգային երաշխիքները», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ժամանակն է այդ վեց տարրերը համաձայնեցնել Հելսինկեան սկզբունքներուն հետ, այնուհետեւ արտացոլել զանոնք շրջանակային համաձայնութեան մէջ, ու անոնց հիման վրայ կառուցել կարգաւորման ուղղութեամբ վերջնական բանակցութիւններ:
«Կ՛ուզեմ նշել, որ մենք այժմ կը գտնուինք բանակցային գործընթացի կարեւորագոյն փուլի մէջ», ըսած է Ռապըրթ Պրատթքի ու աւելցուցած, որ համանախագահները ամէն ինչ կ՛ընեն ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կանխելու համար: Ան նշած է, որ Յունիսին տեղի ունեցած է հրադադարի լուրջ խախտում՝ բնորոշելով իրավիճակը իբրեւ վտանգաւոր: Ամերիկացի համանախագահը նաեւ ըսած է, որ հակամարտութիւնը սառեցուած չէ:
Ան վստահութիւն յայտնած է, որ երկու նախագահներն ալ խաղաղութիւն կ՛ուզեն՝ հասկնալով, որ նոր պատերազմը տարածաշրջանին համար ողբերգութիւն կրնայ ըլլալ: «Անկախ անոր արդիւնքէն, պատերազմը կը յանգեցնէ թշնամանքի, որ կը շարունակուի տասնամեակներ», ըսած է Պրատթքի:
Համանախագահը նաեւ նշած է, որ գլխաւոր խնդիրը նախագահներուն հազուադէպ հանդիպումներն են: «Ատիկա մեզի համար դժուար հարց է: Նախագահներէն մէկը մեզի կ՛ըսէ, թէ ինք խաղաղութիւն կ՛ուզէ, իսկ միւս կողմը՝ չ՛ուզեր. յետոյ այդ նոյն բանը մենք կը լսենք հակառակ կողմէն», ըսած է Պրատթքի՝ աւելցնելով, որ նախագահները նման չեն իրարու. «Անոնց ոճերը տարբեր են: Բայց ես վստահ եմ, որ երկու նախագահներն ալ հաւատարիմ են հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցին», աւելցուցած է ան:
Ամերիկացի համանախագահը նաեւ նշած է, որ ինք յաճախ կը մտածէ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ յաջորդ քայլը. «Համանախագահին դերը այն է, որ մտածէ ինչպէ՞ս յառաջ տանի գործընթացը: Այս ճանապարհին կ՛ըլլան ե՛ւ լաւ, ե՛ւ վատ օրեր: Բայց ամենակարեւորը՝ յառաջ երթալն է: Ատիկա նման է հեծանիւի. եթէ կանգնիս, անպայման կ՛իյնաս», եզրափակած է Պրատթքի: