ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՓանԱրմինիըն».- 8 Յուլիսին, «Միր» հեռատեսիլի կայանէն սփռուած հարցազրոյցի մը մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, թէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ բաւական ճանապարհ յաղթահարուած է:
«Միայն վերջերս Փեթերզպուրկի տնտեսական ֆորումի «դաշտին» վրայ կայացաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի վեցերորդ հանդիպումը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ: Այդ հանդիպման իբրեւ արդիւնք, լրացուցիչ յանձնարարութիւններ տրուեցան: Կ՛ակնկալենք, որ ոչ պաշտօնական միջոցառումին, Ալմա-Աթայի մէջ Յուլիսի կէսերուն կայանալիք ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի «դաշտին» վրայ, մենք հանդիպում ունենանք Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ», յայտնած է Սերկէյ Լաւրով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.