
ԵՐԵՒԱՆ.- ԵԱՀԿի պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի յայտնած է, թէ հարաւային Կովկասը կը շարունակէ մնալ փոփոխականութեամբ եւ անկայունութեամբ բնութագրուող տարածաշրջան:
Ան համոզում յայտնած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ներգրաւուած մնայ տարածաշրջանին մէջ, յատկապէս՝ հակամարտութիւններու կարգաւորման եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու խթանման ոլորտներուն մէջ:
Սեմնեպի նաեւ խօսած է հակամարտութիւններու կարգաւորման եւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Վրաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ու օրէնքի գերիշխանութեան ամրապնդման ուղղութեամբ՝ Եւրոմիութեան գործադրած ջանքերուն մասին, ընդգծելով, որ «Այդ ջանքերը յաջողութեամբ կը պսակուին միայն միջազգային հանրութեան համաձայնեցուած ջանքերով: ԵԱՀԿի դերը ծայրաստիճան կարեւոր է այդ առումով, եւ անիկա Եւրոմիութեան համար նախընտրելի գործընկեր է»:
Սեմնեպի շեշտած է, որ տարածաշրջանի չկարգաւորուած հակամարտութիւններու լուծումը առաջնահերթութիւն կը մնայ Եւրոմիութեան համար:
«Չկարգաւորուած հակամարտութիւնները Հարաւային Կովկասի համար թիւ մէկ սպառնալիքներն են՝ տարածաշրջանային կայունութեան ուղղուած, քանի որ կայուն քուէն ինքնին անկայուն է եւ կը պարունակէ ահագնացման վտանգներ։ Ատիկա դրսեւորուեցաւ 2008 Օգոստոսին, Վրաստանի պատերազմով: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը առանձնայատուկ մտահոգութեան առարկայ է. շփման գիծի երկայնքով վերստին տեղի կ՛ունենան մահաբեր միջադէպեր», յայտարարած է Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչը ու իր խօսքը ամփոփած՝ ըսելով, թէ ձգձգուող հակամարտութիւնները նաեւ կը վտանգեն Արեւելեան հարեւանութեան մէջ քաղաքական բարեփոխումները եւ տնտեսական զարգացումը խթանելու Եւրոմիութեան ջանքերը։