ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Տնտեսական ճգնաժամը բոլորիս ալ կը զգացնէ իր բիրտ ներկայութիւնը: Աշխատանք ունեցող բախտաւորները պարտաւորուած են ամէն վայրկեան իրենց գործատէրին հանդէպ հաւատարմութիւն ապացուցել, յաւելեալ ժամեր աշխատիլ, առանց նուազագոյն իսկ դժգոհութիւն դրսեւորելու, եւ ակռաները սեղմելով ընդունիլ ամէն տեսակի նուաստացում՝ յաւելումի մասին հեռաւոր յոյս իսկ չփայփայելով:
Աշխատանք կորսնցնողներու բանակը, որուն թիւը առայժմս (այս բառէն բխած մեր անսահման լաւատեսութեամբ) նուազումի միտում ցոյց չի տար, դժբախտաբար, բախտի քմահաճոյքին ձգուած ըլլալու տպաւորութեամբ կը լեցուի՝ ի տես պետութեան անճառակութեան:
Այս մթնոլորտին մէջ հասկնալի է, որ մեր ազգային բոլոր հաստատութիւնները, սկսեալ ամէնէն կենսականներէն՝ դպրոցներէն մինչեւ մեր հաւաքական կեանքը կազմակերպող միութիւնները, ծանր օրեր կը դիմագրաւեն ու իրենց առաքելութիւնը լիարժէքօրէն իրականացնելու դժուարութեան կը մատնուին:
Բոլոր հաստատութիւնները վստահաբար ձեռնարկած են կտրուկ միջոցներու՝ դիմանալու եւ շարունակելու համար իրենց գործը ճգնաժամային պայմաններու տակ:
Միջոցները ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործելու, խնայողութեամբ ու սեղմումներով աշխատելու, ծախսերը կրճատելու քայլերը արդէն իսկ առնուած են: Նահանջը, ծրագիրներու զեղջումները, սակայն, կրնան, անվերադարձ կորուստներ պատճառել՝ մանաւանդ մարդկային արդէն իսկ ոչ այնքան հարուստ պատրաստուած ուժերու հեռացումով:
Պիտի դիմանանք: Այլընտրանք չունինք: Մեր նախորդները այսպիսի, թերեւս նոյնիսկ աւելի ծանր ժամանակաշրջաններ ապրած են ու դիմացած: Մենք ալ կը դիմանանք: Կը դիմանանք մեր ջանքերով, կը դիմանանք նոր զոհաբերումներով, նաեւ՝ այս պայմաններուն տակ իսկ բարգաւաճելու գաղտնիքը գտած ձեռներէց մեր ազգակիցներու նուիրաբերումներով: