
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանէն ստացուած հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, որ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու ազգային վարչութեան տնօրինումով, նաեւ հաւանութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հաստատուած է յատուկ շքանշանի դրութիւն մը, «ըստ արժանւոյն պատուելու համար մեր ժողովուրդին նուիրեալ ծառայողները»։ Նոր շքանշանները կը կոչուին Հայաստան աշխարհի առաջին քրիստոնեայ արքային ու թագուհիին՝ Ս. Տրդատի եւ Ս. Աշխէնի անուններով։
Յունիսի վերջին շաբաթավերջը տօնն էր Ս. Տրդատ թագաւորին ու Ս. Աշխէն թագուհիին։ Մեր եկեղեցին տօնախմբեց այս տօնը, որ նաեւ տօնն է ազգ. առաջնորդարանիս Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան։ Շաբաթ, 26 Յունիսի երեկոյեան, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ նաեւ ազգ. Առաջնորդարանի մատրան մէջ։ Պատարագեց Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեան։
Նոյն օրերուն, առաջնորդ սրբազանը Գանատա կը գտնուէր, միանալու համար վեհափառ հայրապետի շքախումբին։ Գանատայէն իր վերադարձէն ետք, առաջնորդը այցելութիւն մը տուաւ ազգային առաջնորդարանի բարերարներէն տիկին Աշխէն Փիլաւճեանին, շնորհաւորելու համար անոր անուանակոչութեան տօնը։ Տիկին Աշխէն բարերարուհին է առաջնորդարանի մատրան։ Այս առիթով, եւ առ ի գնահատանք ազնիւ բարերարուհիին նուիրաբերումներուն եւ ազգային առաջնորդարանի ու անոր կրթական հաստատութեանց ցոյց տուած զօրակցութեան, առաջնորդ հայրը «Ս. Աշխէն Թագուհի» շքանշանի առաջին օրինակը շնորհեց տիկին Աշխէն Փիլաւճեանի։ Առաջնորդին կ՛ընկերանային ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչները՝ Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։ Ներկայ էին բարերարուհիին զաւակները՝ Վահրիճ եւ Բեգլար Փիլաւճեան ու իրենց տիկինները։
Տիկին Ա. Փիլաւճեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին ու Ժողովականութեան, եւ այս առիթով, առատաձեռն նոր նուիրատուութիւն մը կատարեց Ազգ. Առաջնորդարանին։