ՓԼՈՎՏԻՒ (Պուլկարիա).- Յունիս 11ին, Փլովտիւի «Թրաքարթ» մշակութային համալիրի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վակոն» հրատարակչութեան կողմէ տպագրուած ֆրանսացի գրող Ժիլպեր Սինուէյի «Երեւան» գիրքին պուլկարերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը։
Գիրքը վաւերագրական վէպ մըն է, որուն հերոսները իրական տիպարներ են՝ առնուած 1915-1922ի Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու նկատմամբ իրականացուած ոճրագործութիւններու եւ ցեղասպանութեան շրջանէն։ Գիրքը փաստերով եւ ականատեսներու վկայութեամբ կ՛անդրադառնայ այդ շրջանի ցաւալի դէպքերուն։
Շնորհահանդէսին իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց Պուլկարիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Մանասարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք գիրքի թարգմանիչ Զլաթքօ Սթայքովին, շեշտեց գիրքի կարեւորութիւնը՝ իբրեւ վաւերագրական փոքրիկ արխիւ։ Ան հաստատեց, թէ գիրքը լաւապէս կը ներկայացնէ տուեալ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, մասնաւորապէս՝ հայերու նկատմամբ թուրքերուն գործած բարբարոսութիւններն ու վայրագութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.