ՏԻԹՐՈՅԻԹ.- Ուրբաթ, Յունիս 11ի երեկոյեան ժամը 8ին, Տիթրոյիթի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, տեղւոյն ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէութիւնը կազմակերպած էր շահեկան հրապարակային զրոյց մը՝ անցեալ Ապրիլ 24-25ին Անգարայի մէջ կազմակերպուած գիտաժողովին մասին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին տոքթ. Հենրի Թերիօ եւ «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան:
Գիտաժողովը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ մէջ ձախակողմեան հակում ունեցող փոքրամասնութիւններու պաշտպան կազմակեպութիւններու կողմէ: Այս գիտաժողովին մասնակցած էին հայ, թուրք, քիւրտ եւ օտար մտաւորականներ, որոնք քննարկած էին Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու վնասուց հատուցման հարցը:
Օրուան հանդիսավարն էր «Ազատամարտ» կոմիտէութեան հերթապահ Ճօրճիան Օշական: Ան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան զեկուցաբերները:
Տոքթ. Թերիօ խօսք առնելով՝ յայտնեց, թէ թուրք կառավարութիւնը նախ գիտաժողովի կազմակերպումը արգիլեց, սակայն որոշուած թուականէն միայն քանի մը օր առաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջամտեց, պարզապէս Եւրոպային ցոյց տալու համար, թէ Թուրքիոյ մէջ որեւէ արգելք չկայ ազատ խօսքի: Ան ըսաւ, թէ գիտաժողովին մասնակցող եւ ելոյթ ունեցող թուրք եւ քիւրտ անձնաւորութիւններ, յատկապէս գիտաժողովը կազմակերպող պատմաբաններէն Քեմալ Տեմիրել իր ելոյթին մէջ շեշտեց, թէ «1915-23 պետութեան կողմէ տրուած փաստաթուղթերը, որոնք պահ դրուած են պետական զանազան բաժանմունքներու արխիւներուն մէջ, նաեւ զանոնք քննարկող ու ուսումնասիրող անձնաւորութիւնները, հիմնուելով պատմական եւ գիտական տուեալներու վրայ՝ կը հաստատեն թէ, Հայոց դէմ ի գործ դրուած բռնի տեղահանութիւնը եւ կոտորածները կը համապատասխանեն «ցեղասպանութեան»»:
Ելոյթ ունեցողները քննադատեցին կառավարութեան վարած երկդիմի քաղաքականութիւնը, եւ բոլորն ալ պահանջեցին, որ ան առանց յապաղումի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ու առանց երկմտանքի բանայ Հայաստանի հետ իր սահմանը՝ ի շահ երկու դրացի ժողովուրդներու բարօրութեան:
Վերջապէս, Խաչիկ Մուրատեան անդրադարձաւ անցեալ Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ան նշեց Հրանդ Տինքի փաստաբանին մահուան մութ պատճառները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.