«Վզկլիատէ» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի տնտեսական եւ կայուն զարգացման նախարար Վերոնիքա Քոպալիան, «Մայեսթրօ» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Վրաստան մտադիր չէ Ռուսիայէն Հայաստան կազ մատակարարող խողովակի Վրաստան-Հայաստան հատուածը ամբողջութեամբ վաճառել։
Ըստ վրացի նախարարին, կրնայ ըլլալ, որ վաճառուի բաժնետոմսերու միայն 10-15 առ հարիւրը։ Ան միաժամանակ նշած է, որ բաժնետոմսերու վաճառքը կրնայ ըլլալ միայն 2-3 տարի ետք։
Ռուսիայէն Հայաստան կազի խողովակաշարի բաժնետոմսերու 10-15 առ հարիւրի հաւանական գնորդներու շարքին են ռուսական «Կազփրոմ»ը, ղազախական «Կազմունայկազ»ը եւ Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութիւնը։
Վրաստանի խորհրդարանը վերջերս որդեգրած էր «Պետական ստացուածք»ի մասին օրինագիծը, որուն համաձայն, կը նախատեսուի վաճառել ռուսական կազը Հայաստան փոխադրող Վրաստան-Հայաստան կազի խողովակը:
Վրաստանի ընդդիմութիւնը ընդդիմացած էր այդ օրինագիծին եւ դէմ արտայայտուած էր կազի խողովակը պետական ստացուածքներու ցանկէն դուրս բերման։ Ըստ վրացական ընդդիմութեան, այդ կազի խողովակը պէտք է մնայ պետութեան սեփականութիւնը, որովհետեւ զայն գնողները կրնան ըլլալ ռուսերը, ինչ որ կը վտանգէ Վրաստանի ուժանիւթային-տնտեսութիւնը։
Վերոնշեալ օրէնսդրական նախաձեռնութեան հեղինակ, Վրաստանի իշխող կուսակցութեան անդամ Փաւել Քուպլաշվիլի այդ օրինագիծին մշակումը բացատրած է հետեւեալ ձեւով. «Որեւէ ձեռնարկ մասնաւոր մարզը աւելի լաւ կը ղեկավարէ, քան պետութիւնը»։
Ռուսիայէն Հայաստան կազ փոխադրող խողովակը կառուցուած է 1970ին, իսկ 1980էն ի վեր վերանորոքման աշխատանքներ չեն իրականացուած կազի խողովակին վրայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.