ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբի եւ «Արարատ տան» «Էսքիճեան» թանգարանի կազմակերպութեամբ, Յունիս 27ին տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը թանգարանին մէջ, ուր ներկայացուեցաւ աշխարհահռչակ նկարիչ Արշիլ Կորքիի կեանքն ու գործերը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ բարի գալուստի իր մաղթանքէն ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ թանգարանին, որ միշտ իր դռները բաց կը պահէ մշակութային ձեռնարկներու առջեւ եւ սերտօրէն կը գործակցի Պոլսահայ միութեան հետ՝ հայ մշակոյթն ու արուեստը ծանօթացնելով ժողովուրդին: Ապա իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց միութեան ատենապետ Սիմոն Աճիլաչօղլուին, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի միութեան մշակութային ձեռնարկներուն:
Ապա տոքթ. Աւետիքեան ընթերցեց «Արշիլ Կորքի» վէպի հեղինակ, մտաւորական Սարգիս Վահագնի կենսագրականը, որմէ ետք բեմ հրաւիրեց զայն:
Սարգիս Վահագն, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկը կազմակերպողներուն, ապա սկսաւ իր բանախօսութեան՝ ներկայացնելով Կորքիի կեանքն ու անմահական գործերը, որոնցմով մենք հպարտ կը զգանք: Ան խօսեցաւ նաեւ Կորքիի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոր երազային մանկութեան ու պատանեկութեան մասին:
Բանախօսը պատմեց նաեւ Կորքիի ընտանիքին դիմագրաւած տառապանքները Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, ընտանիքին կորսուտը, Կորքիի Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաք ապաստանիլը, թշուառ եւ անգործ վիճակի մատնուիլը, սակայն, շնորհիւ իր ձիրքերուն, Նիւ Եորքի Արուեստի կեդրոնական վարժարան յաճախելը եւ ջնջին եկամուտով մը կեանքին հանդէպ իր մաքառումը:
Գրագէտը յայտնեց, թէ զարմանալի չէ, որ Կորքիի անունը կը զուգադրուի Մեծ Եղեռնի հետ: Ան աւելցուց, թէ պարտաւորութիւն ունինք շնորհակալ ըլլալու իր մատուցած այս ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ իրաւունք՝ հպարտանալու իր աննման վաստակով, որ զինք վերածած է ազդու կերպարի մը՝ վերացականութեան շարժումին մէջ, եւ կերպարանափոխած է ամերիկեան արուեստը քսաներորդ դարու կիսուն: Ան կենսալից հիմնադիրն է վերացական արտայայտութեան, նաեւ կրքոտ եւ նուիրուած արուեստագէտն է, որուն ողբերգական կեանքը յաճախ տեսնուած է իր խորունկ եւ անձնական գեղանկարչութիւններուն մէջ:
Ապա տոքթ. Աւետիքեան հրաւիրեց Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսը, որ հատուած մը կարդաց «Արշիլ Կորքի» վէպէն, որմէ ետք դարձեալ բեմ հրաւիրուեցաւ Սարգիս Վահագնը, որուն տոքթ. Աւետիքեան յանձնեց Պոլսահայ միութեան Կեդրոնական վարժարանի Սանուց յանձնախումբի ատենապետ Յովսէփ Թոքաթի «Հայ Արծաթագործ Վարպետներ» մեծածաւալ հատորը:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հատորներու մակագրում եւ վաճառք, ապա՝ հիւրասիրութիւն: