ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգերու Ծերակոյտի նախնական ընտրութիւններէն մէկ ամիս առաջ, Քոլորատօ նահանգէն չորս թեկնածուներն ալ խոստացած են նեցուկ կանգնիլ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող քոնկրեսական բանաձեւին:
Ծերակոյտի աթոռին ժամանակաւորապէս նշանակուած դեմոկրատ թեկնածու Մայքըլ Պենեթ, Փետրուարին արդէն իսկ որոշած էր հովանաւորել Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ծերակոյտի թիւ 316 բանաձեւը, եւ խոստացած էր 2010-2011 տարեշրջանին եւս նման դիրքորոշում մը որդեգրել:
Դեմոկրատ երկրորդ թեկնածուն՝ Էնտրու Ռոմանոֆ, Յունուարին հանդիսացած էր նահանգէն Ծերակոյտի առաջին թեկնածուն, որ խոստացած էր հովանաւորել Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ մը:
Հանրապետական թեկնածու Ճէյն Նորթըն, որ նախապէս նահանգին փոխկառավարիչը եղած է, Յունուարին խոստացաւ հովանաւորել Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, իսկ հանրապետական երկրորդ թեկնածուն՝ Քեն Պաք, նման յայտարարութին մը կատարեց Փետրուարին:
Քոլորատոյի հայութիւնը 2008 եւ 2010 ընտրութեանց ընթացքին, թեկնածուներուն յղուած հարցարաններով եւ նամակներով շեշտած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին նկատմամբ իրենց որոշումը ազդու դերակատարութիւն պիտի ունենայ հայութեան քուէն ապահովելու նպատակին մէջ: Այս աշխատանքը կը կատարուի յատկապէս նահանգին «Rocky Mountain Hye Advocates» (RMHA) կազմակերպութեան գործիչներ Փեմըլա Պարսամ Պրաունի եւ Վի Պաշեան Քուփըրի գլխաւորութեամբ:
Յայտնենք, թէ նահանգին երկրորդ ծերակուտականը՝ Մարք Եուտալ, որ 2008ի ընտրութեանց իր թեկնածութեան օրերուն, քանի մը առիթներով խոստացած էր նեցուկ կանգնիլ Ցեղասպանութեան բանաձեւին, ծերակուտական ընտրուելէ ետք իր խոստումը չէ յարգած: Ան 2014ին պիտի փորձէ Ծերակոյտի անդամ վերընտրուիլ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.