(Հրատարակութեան Մը Առթիւ)
(«LE TROU», Annie Agopian et Alfred. Ed. Rouergue, 2010.
Croix Bleue des Armռniens de France)
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
Հաւաքական ներքին տեւողութեան բնորոշ օրէնքով մը յայտնօրէն, վերջին տասնամեակները եղան հայկական Սփիւռքը առաջացնող Ոճիրի ասումին, դրսեւորումին ժամանակաշրջանը:
Արդէն բաւական գրուած է յաջորդական սերունդներու ընթածիրին մասին. առաջին սերունդի մը մօտ դիտուած ամօթի զգացումին մասին, անհեթեթ՝ որովհետեւ զոհի՛ ամօթ, որուն կը միանար գաղթականի յատուկ վերապրումի եւ համարկումի՝ էնթէկրասիոնի մտասեւեռեալ խուճապը: Ասոր հետեւանք՝ երկրորդ սերունդի հեռաւորութեան ու անտեղեակութեան մասին՝ սեփական պատմութենէ, ինչպէս լեզուէ ու մշակոյթէ:
Ասոնց մէկ որոշ համրանքի պարագային, բայց աւելի յաճախ՝ երրորդ սերունդի մը մօտ, դարձեալ անշուշտ սերունդի որոշ մէկ համեմատութեան,- դիտուած է ու կը դիտուի նոր վերաբերում՝ կէս-օտարի «արտաքին», բայց եւ անկաշկանդ, աննախապաշար կեցուածք մը, կարողական, փոթանսիէլ հետաքրքրութիւն մը՝ նշուած թապու նիւթին հանդէպ, եւ առհասարակ «հայկական բաներու» ուղղուած – ազգային անցեալը, ներկայ Հայաստանը, երբեմն եւ Սփիւռքի այլ գօտիներու իրականութիւնը…:
Կարիք չունիմ օրինակներով ծանրացնելու նշմարս, քանի այս վերաբերումի մասին վկայող մշակութային ելոյթներուն՝ այլազան մարզերու գործերու ցանկը այսօր այնքան երկար է, որքան՝ հանրածանօթ. նշեմ միայն, որ «գործ»երու այս տեսականին կը ծածկէ լրագրա-պատմագրականէն մինչեւ յուշագրութիւն-վէպը, անցնելով թատերգութենէն ու հասնելով մինչեւ շարժարուեստ: Եթէ անուններ աւելի խօսուն կը դարձնեն այս թւումը, տամ մի քանի անուն, մի քանի՝ միայն.- Մայքլ Առլէն Կրտեր, Ժան-Մարի Քառզու, Անտոնիա Արսլան, Ատոմ Էկոյեան, Ժեռար Կէտիկեան…:
Այս երեւոյթները, կը նկատենք, դրսեւորուած են՝ սկզբնապէս արդէն՝ եւրոպական այս կամ այն լեզուով, ոչ հայերէնով. այսինքն, պարզ է, չեն ունեցած հայերէն բնագիր, ինչպէս յաճախ ոչ ալ՝ հետագայ թարգմանութիւն: Հեռաւորացում՝ որ հեռացում է ներկայացուող ոլորտի ուրոյն լեզուէն, հետեւանք՝ արդէն նշուած ընկերա-մշակութային կացութիւններու: Վկայելով հանդերձ՝ վաւերական հետաքրքրութեան մը մասին, ինքնութեան գիտակցումի մը մասին, անկաշկանդ եւ աննախապաշար – ինչպէս վերը կը բնորոշուէի:
* * *
Այս համադրոյթին մէջ պէտք է տեղադրել վերնագրովս յիշատակուած գործը, հեղինակութիւն Անի Յակոբեանի, հովանաւորուած՝ ՀՕՄի Ֆրանսայի Շրջանային վարչութեան կողմէ:
«Le Trou» կը պատկանի «կրկնակ» լեզուով գրուած գործերու տեսակի մը, բաւական յաճախադէպ՝ մեր օրերուն: Առաջին մակարդակով մը՝ ան մանուկներէ ընթեռնելի պատում է, մանուկի մը պատում-մենախօսութիւնը. ուրեմն՝ իմաստով մը «մանկական գրականութիւն». բայց կը ծածկէ երկրորդ խաւ մը, մատչելի՝ միայն չափահասներու, որովհետեւ կը յուզէ կեանքի լուրջ եւ ընդհանրական հարցերը (պատումի ձեւի իմաստով, ու աւելի հասկնալի ըլլալու համար, տամ դասական դարձած տիպական օրինակ մը՝ Ա. տը Սէնթ-Էքսիւփերիի «Փոքրիկ Իշխանը»):
Պատմողը ուրեմն մանուկ մըն է, բաւական մեծցած մանչուկ մը, երրորդ-չորրորդ սերունդի ֆրանսահայ, ամբողջ գրքոյկի երկայնքին՝ գլուխ-գլխի իր երիտասարդ մօրը հետ: Տղան կը յիշէ «հեռու տեղէ» եկած իր մեծ հայրը, կայտառ, կատակաբան մարդ, եւ ֆրանսուհի մեծ մայրը: Անոնց ծնունդ՝ իր մայրիկը ունի արդէն տիպական քանի մը «երրորդ-սերունդ» գիծեր – պետական պաշտօնեայ տիկնոջ առջեւ չի կմկմար, առարկութիւններ կ՛ընէ. իր հօր լեզուն («հայրենի» լեզուն, ոչ մայրենի…) անծանօթ է իրեն – գոնէ իբր գիր… Բայց մտաւոր եւ յուզական իր աշխարհով, հօր հետ կապին ընդմէջէն, կապուած կ՛երեւի հայ իրականութեան եւ արժէքներուն:
Այս մանչուկին եւ այս մօր՝ անցագրային գրասենեակի մը մէջ ապրած մէկ պահը, անակնկալօրէն, պիտի բանայ պատումը, պիտի կազմէ նիւթը գրքոյկին: Պաշտօնեայ ֆրանսուհիի մը բութ դիտողութիւնը մեծ հօր «օտար» ծագումին մասին՝ երիտասարդ կինը ետ պիտի մղէ լիիրաւ քաղաքացիի յատուկ արժանաւորութեամբ. բայց իր մէջ պիտի զգայ արիւնիլը ծածուկ անսպեղանի վէրքի մը՝ իր հօր եւ անոր սերունդին, ամբողջ ժողովուրդի մը սպանութեան եւ մնացորդացի մը հայրենազրկումի վէրքին, նոյնպէս ժառանգաբար հասած իրեն:
Իսկ պատումին բուն նիւթը՝ այս դրուագին հետեւող՝ ծալք առ ծալք բացուիլն է այդ անբուժելի վէրքին, չանուանուած-չճանաչուած, ուրեմն եւ անխցելի պարապին, «ծակ»ին: Այդ վէրքին, անոր անբուժելիութեան յայտնումը մանչուկի աչքին, աւանդին փոխանցումը իրեն…
* * *
Գործին պատկերազարդումը, ինքնուրոյն եւ կամովին մանկատիպ ոճով մը, ինչպէս եւ արհեստագիտօրէն կատարեալ, խնամուած հրատարակութիւնը (էջադրում, տպագրութիւն…), իրենց կարգին կարեւոր չափով կը նպաստեն նիւթի ընկալումին. եւ գրքոյկը կ՛ընթերցուի հեզասահ, բովանդակութեան հոգեբանական հարազատութեան առնչած՝ ակնահաճոյ գործի մը վայելքը:
Հոգեբանական հարազատութիւն եւ տեսողական վայելք.- Այս յատկութիւնները, թէեւ անհրաժեշտ եւ պարտադիր՝ այսպիսի գործի մը համար, հոս պէտք է յիշատակել եւ արձանագրել իբր առաւելութիւններ. որքա՜ն անգթօրէն անոնք կը բացակային նոյն կարգի հայալեզու շա՜տ գործերու մէջ. հայրենասիրական հում քարոզով թխմուած գրքոյկներէն՝ մինչեւ անճաշակ գոյներով ալպոմիկներ (անցեալի տխուր սեւ-ճերմակը ձախորդաբար փոխարինո՜ղ…) – յաճախ կ՛ասպատակեն-կը գրաւեն մեր արդէն աղքատ գրատուներու դարանները. եւ ասիկա՝ գրեթէ ամէ՛ն տեղ, սկսած մանկական գրականութեան հայրենի հրատարակութիւններէն (խօսքս՝ մեզի համար պատրաստուածներո՛ւն մասին է…) (1):
Անի Յակոբեանի այս աղուոր, կոկիկ պատում-ալպոմին համար՝ անկասկած կ՛արժէ ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնել իրեն եւ գործը հովանաւորող հայ մեծ կանացի կազմակերպութեան. յատկապէ՛ս – թէեւ ոչ միմիայն- նախորդ պարբերութեամբ նշուած կացութեան պատճառով: Նոյնիսկ եթէ… անիկա մեզ կէս-ծարաւ կը ձգէ: Ծարաւով մը, միա՛կ բայց կենսական պակասի զգայնութեամբ մը: Եւ որ հայանիւթ այս գործին մէջ՝ հայերէնի եւ հայ մշակոյթի բացակայութիւնն է. կարօտը եւ հեռաւոր ձգողութիւնը, բայց… ի վերջոյ բացակայութիւնը…
Հարցը, որուն հոս միայն կ՛ակնարկեմ, պարզ է, արեւմտահայ Սփիւռքի տարածքին հայերէնի պահպանման հարցն է՝ լուրջ երկլեզւութեան մը, լուրջ երկմշակութայնութեան մը ծիրին մէջ: Եւ Անի Յակոբեանի գործը անոնց բացակայութեան մէկ պարզ դրսեւորումն է՝ իր լրիւ ֆրանսալեզւութեամբ, ե՛ւ իր բովանդակութեամբ:
Որովհետեւ պատումը, որոշ կէտի մը վրայ, ի՛նք կ՛ըսէ մեծ հօր եւ մեծ հայրերու մէկ էական ձեռնթափութիւնը. անոնք իրենց զաւակներուն շատ բան սորվեցուցած են, ջերմ եւ նախաձեռնող հայ մարդու – թէեւ գաղթական- պատկեր մը յիշատակ ձգած են, բայց… չեն աւանդած այն մի՛ւս հարստութիւնը, հաւաքական լեզու-մշակոյթ հարստութիւնը: Ընդհանրական հարցը մասնաւոր այս գործին մէջ կը դրուի ուրեմն, պակասին զգայութիւնը Անի Յակոբեաններու գիտակցութեան մէջ կը հնչէ. բայց կը դրուի ու կը հնչէ… իբր բացակայութիւն: Արեւմտեան մեր Սփիւռքը փնտռուած եւ չգտնուող այս երկլեզւութեան-երկմշակութայնութեան կարելիութիւնը, առիթը կորսնցուցած է – գոնէ չէ գիտցած օգտագործել ցարդ (2)…:
Օտարալեզու նման ելոյթներու, եւ յատկապէս մատաղ սերունդին ուղղուած լրիւ օտարալեզու ձեռնարկներու պարագային, ու աւելի՛ եւս երբ անոնք, իբր բովանդակութիւն այսպիսի անմիջականութեամբ եւ ընդհանրական որակով են օժտուած, մարդ չի կրնար չայցուիլ ափսոսանքովը՝ հայերէնի ամբողջական բացակայութեան անոնց մէջ:
Բացակայութիւն ու պակաս՝ որ այս գործերունը չէ ըստ էութեան (ըսեմ՝ կրկնելու գնով), այլ մերի՛նն է, մե՛ր պակասը, մեր հաւաքական կիսատութիւնը, այսօր, Արեւմուտքի տարածքին: Իսկապէս երկլեզու, երկմշակոյթ հաւաքականութեան մը բնորդը, որ մեզ սոսկ «ծագումով հայ» անձի երկփեղկեալ վիճակէն պիտի տանէր կրկնակ պատկանելիութեան նուաճումին, ութոփիա չէ, ցնորք չէ: Հաւաքական այս գոյաձեւը, դժուար իրագործելի բայց կարելի, ու փրկարա՛ր, մեզի ահաւասիկ պիտի տար գործեր, ուր տեղական լեզու եւ հայերէն, տեղական մշակոյթ եւ հայկական մշակոյթ պիտի լրացնէին իրար՝ մեզ եւ մեր դաստիարակած սերունդները օժտելով, կը հաւատամ, նոր եւ անտիպ որակով մը:
Ասիկա անհրաժեշտութիւն է այսօր՝ յատկապէս Արեւմուտքի տարածքին: Իսկ վաղը՝ հաւանօրէն՝ համասփիւռքեան աստիճանաչափով…
1).- Այս վերջին հրատարակութիւններուն մէջ, նոյնիսկ եթէ համակերպինք անոնց պարտադրած անխուսափելի հեքիաթ-առակ-խրատանի սահմանափակ եռեակին, առնուազն կրնայինք ակնկալել, որ… իրենց պատմողները պատմել գիտնային. որ ներկայացուածը թարմ եւ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուէր: Եւ մանաւանդ՝ չխեղդէր ընթերցողը արուեստական եւ շատ տեղ ուղղակի սխա՛լ «արեւմտահայերէն»ի մը ծանծաղուտին մէջ…
2).- Մանկավարժական հայեցի ե՛ւ արեւմտեան յառաջապահ տարրեր համադրող նախաձեռնութիւններ, այս պարագային՝ մանկական պատումի նախաձեռնութիւններ, ելոյթ թէ հրատարակութիւն, չեն պակսած ֆրանսահայ իրականութեան մէջ. չեն պակսիր եւ այսօր: Երանի դաստիարակութեան լծուած մեր կազմակերպութիւնները, որոնք ա՛յս մակարդակով գործեր գնահատելու եւ իրականացնելու ատակութիւն ունին եւ կը փաստեն ատիկա, լծուէին այսպիսի երազ մը քայլ առ քայլ իրականացնելու…: