ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի երեկոյեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, Հիւսիսային Ամերիկայի կաթողիկէ առաջնորդ գերապայծառ Մանուէլ Պաթաքեան կեդրոնական կոմիտէին ծանօթացուց Լոս Անճելըսի կաթողիկէ համայնքի նորանշանակ ժողովրդապետ հայր Գրիգոր Շահինեանն ու անոր օգնականը՝ հայր Արմենակ Պետրոսեանը:
Հանդիպման մասնակից էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան եւ Կաթողիկէ համայնքի ծխական խորհուրդի նախագահ իրաւաբան Նարիս Խալաթեան, Մանաս Պուճիքեան եւ Հրայր Շերիքեան:
Գերապայծարը հանգամանօրէն ներկայացուց երկու վարդապետ հայրերուն անցեալի գործունէութիւնը, անոնց վարած պաշտօններն ու ստանձնած պատասխանատուութիւնները:
Դոկտ. Յովսէփեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ գերապայծառին դերին՝ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին ազգային կառոյցներու հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ, եւ ընդգծեց անոր պատրաստակամութիւնը՝ համազգային խնդիրներու գծով իր աջակցութիւնը բերելու:
Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան բարի գալուստ մաղթեց նոր ժողովրդապետին ու օգնականին: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակելու համայնքին հետ համագործակցութիւնը եւ առաջարկեց յարաբերութիւնները առաւել սերտացնելու քայլեր առնել:
Հանդիպման աւարտին, Իզմիրլեան գերապայծառին յանձնեց ՀՅԴ հիմնադրութեան 120ամեակին առթիւ հրապարակուած դրոշմաթուղթերու հաւաքածոն՝ իբրեւ յուշանուէր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.