«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Կիլիկեան թեմի առաջին առաջնորդի մահուան տխուր առիթով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շրջանիս կեդրոնական կոմիտէն իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի միաբանութեան բոլոր անդամներուն, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, ազգային երեսփոխաններուն ու վարչութեան, շրջանիս հոգեւոր դասուն եւ աշխարհականութեան:
Իր հոգեւոր ծառայութեան ամբողջ ընթացքին, Սմբատ արք. Լափաճեան ցուցաբերած է անսահման նուիրում հայոց եկեղեցիին հանդէպ ընդհանրապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու անոր առաքելութեան հանդէպ՝ մասնաւորապէս:
Ան պատասխանատուութեան մեծ գիտակցութեամբ վարած է շրջանիս Կիլիկեան թեմի առաջին առաջնորդի ծանր պարտականութիւնը, եւ իր այդ պաշտօնին վրայ գտնուած ընթացքին դրսեւորած է հոգեւոր ղեկավարի բարձր յատկանիշ, ինչպէս նաեւ բարձր ձեռնհասութիւն՝ նոր թեմական կառոյց մը յառաջացնելու վարչական ու կազմակերպական բարդ գործերու մէջ:
Իր ծառայութեան ոգիով, իր մտերմիկ, համեստ վերաբերմունքով, ան շահած է ամբողջ թեմի անադմներուն սէրն ու յարգանքը:
Յատուկ սիրով ան կապուած էր Մոնթեպելլոյի համայնքին, ուր եւ ան իր առաջնորդական պարտականութիւնը աւարտելէ ետք վերադարձաւ իբրեւ հոգեւոր տեսուչ:
Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ծուխի անդամները երկար պիտի յիշեն Սմբատ սրբազանի հոգեշահ քարոզները, անոր խորհուրդները, յորդորներն ու խրատները:
Բարձր մտաւորական պաշարով ու մարդկային ազնիւ յատկանիշով օժտուած Սմբատ Սրբազանը իր արժանաւոր տեղը նուաճած է այս գաղութի պատմութեան մէջ:
Շրջանիս դաշնակցական ընտանիքը կը սգայ սրբազանին մահը: