ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը, համագործակցութեամբ Հայ իրաւաբաններու միութեան եւ Լոս Անճելըս գաւառի թաղային իրաւական սպասարկութեանց, կազմակերպած է անվճար իրաւական երկրորդ եւ երրորդ խորհրդատուութեան ձեռնարկներ, որոնք տեղի պիտի ունեան յաջորդաբար Օգոստոս 18ին եւ Հոկտեմբեր 20ին, երեկոյեան ժամը 6էն 8, Կլենտէյլի Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 W. Chestnut St., Glendale, CA 91204):
Յունիս 2ին կայացած նախորդ ձեռնարկին ընթացքին խորհրդատուութիւն ստացած էին գրեթէ հարիւր հոգի եւ նկատի առնելով այս իրողութիւնը՝ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած էր հերթականօրէն կազմակերպել նման հաւաքներ, կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի համա-ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան, յանձնարարելով խորհրդատուական սպասարկութիւններ ստանալով հետաքրքրուողներուն, որ նախապէս ժամադրութիւն պահանջեն՝ դիմելով info@ancglendale.org հասցէին կամ (818) 243-3444 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.