ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Մամուլին մէջ կարդացինք, որ Ծաղկաձորի մէջ (Հայաստան), Յուլիս 3-5 տեղի ունեցած է Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման հարցերը քննարկելու կոչուած խորհրդաժողով մը, նախաձեռնութեամբ Սփիւռքի նախարարութեան:
«Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի Եղբայր անուն»:
Ահաւասիկ, ասոր նման տրամադրութիւն մը ստեղծուեցաւ մեր մէջ, երբ այս խորհրդաժողովին մասին «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներու առաջին տողերը սկսանք կարդալ: Հարցը լուրջ է եւ բնականաբար երբ լուրջ հարց մը քննարկելու կոչուած խորհրդաժողով մը կը գումարուի, Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն հրաւիրեալ մասնագէտներու կողմէ, անպայման որ յուսադրիչ մթնոլորտ-տրամադրութիւն կը ստեղծուի:
ԻՆՉՈ՞Ւ ԼՈՒՐՋ
Լուրջ՝ մէկէ աւելի պատճառներով: Նախ, որովհետեւ արեւմտահայերէնը մեր ազգային արժէքային համակարգին, մեր մշակութային հարստութեան եւ հայկական ինքնութեան անբաժան մասն է:
Երկրորդ, արեւմտահայերէնը եւ Արեւմտահայաստանը անքակտելիօրէն առնչուած են: Արեւմտահայերէնը հայոց լեզուի այն ճիւղն է, որ կը խօսուէր ցեղասպանութեան ենթարկուած արեւմտահայութեան կողմէ: Այսօր ալ կը գործածուի Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն յաջորդած սերունդներուն կողմէ, Սփիւռքի մէջ: Ցեղասպանութեան հետեւանքով, մեզմէ խլուած է Արեւմտահայաստանը եւ հայութեան քաղաքական օրակարգին վրայ է անոր տիրութիւն ընելու, անոր վերատիրանալու խնդիրը: Տարբեր խօսքով, հայութիւնը պահանջ ունի Թուրքիայէն եւ այդ պահանջին մէկ մասն է Արեւմտահայաստանը:
Հետեւաբար, կրկնակիօրէն կը շեշտուի արեւմտահայերէնի պահպանումի եւ զարգացումի խնդիրը՝ իբրեւ համահայկական օրակարգի խնդիր: Եւ ուրեմն, պարզապէս լեզու մը պահպանելու խնդիր չկայ հոս: Այլ, կայ ժողովուրդի մը պատմական-իրաւական իրաւունքները վերականգնելու, արդարութիւնը հատուցանելու խնդիր:
Այնպէս որ, երբ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման հարցերուն կը նուիրուի խորհրդաժողով մը, այս բնագաւառին հմուտ անձնաւորութիւններու (լեզուաբան, ուսուցիչ, մտաւորական) մասնակցութեամբ, ատիկա բոլորիս պէտք է միայն գոհունակութիւն պատճառէ:
ԲԱՅՑ…
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը չորս անջատ լրատուական հաղորդումներ յատկացուցած է այս խորհրդաժողովին: Այս հաղորդումները կը կազմեն սովորական չափի չորս էջ:
Այսպէս, «Արմէնփրէս»էն կ՛իմանանք, որ խորհրդաժողովին մասնակցած են արեւմտահայերէնի մասնագէտներ Ամերիկայէն (Գէորգ Պարտաքճեան), Գանատայէն (Տորա Սագայեան), Ֆրանսայէն (Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան), Յունաստանէն, Սուրիայէն (Յակոբ Չոլաքեան), Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն եւ Հայաստանէն: Կ՛իմանանք նաեւ, որ խորհրդաժողովին մասնակցած է նաեւ հայերէնի դասագիրքերու հեղինակ եւ մտաւորական Յարութիւն Քիւրքճեան, Յունաստանէն, որուն անունը նոյնիսկ նշուած չէր «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներուն մէջ:
Քննարկուած հարցերու էութեան մասին շատ քիչ բան կայ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներուն մէջ, սակայն նշուած չորս էջերուն կէսը յատկացուած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքերուն, մեծ մասամբ ուղղակի մէջբերումներու կարգով: Կէ՛սը:
Աղէկ, Հրանոյշ Յակոբեանը նախարար է, սակայն արեւմտահայերէնի դասաւանդումի մասնագէտ չէ, ինչքան որ մենք գիտենք: Այդքա՞ն կարեւոր էին իր եոլոյթները, այդքա՞ն ցնցիչ, որ արժէր նման լուրջ հարցի մը նուիրուած խորհրդաժողովի արձագանգի ծիրէն ներս իր մէջբերումներուն յատկացնել հաղորդումներու ծաւալին կէսը եւ միայն միւս կէսը տրամադրել խորհրդաժողովին մասին ըստ էութեան լրատուութեան եւ քանի մը մասնակիցներու ելոյթներու կիսատ-պռատ ներկայացումին՝ այլոց անունները չյիշելու իսկ գնով:
Խնդիր չունինք: Նախարարի հանգամանքով, Հրանոյշ Յակոբեան բնականաբար ի՛նք պէտք է կատարէր խորհրդաժողովի բացումը եւ փակումը: Նոյն հանգամանքով ալ, նախաձեռնող նախարարութեան կողմէ, Հրանոյշ Յակոբեան ինք պիտի ըլլար հարցերու ծիրը բնութագրողը, օրակարգը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ ներկայացնողը: Իսկ «Արմէնփրէս»ին պարտականութիւնն էր հանրութիւնը լուսաբանել արծարծուած հարցերու էութեան մասին, պահպանելով չափի զգացողութիւնը, իր հաղորդումի ծաւալով իսկ անդրադառնալով արծարծուած խնդրի լրջութեան եւ ոչ թէ լծուէր սոսկ անհատի մը աժան քարոզչութեան:
Այսպէս, նախարարուհիին ելոյթներուն իր հաղորդումներուն կէսը տրամադրած «Արմէնփրէս» տեսէք թէ ինչ կ՛ըսէ «միւս» մասնակիցներու ելոյթներուն մասին. «Սիրիայից ժամանած Յակոբ Չոլաքեանը ներկայացրել է իր ստեղծած կրտսեր, միջին եւ աւագ դպրոցների համար մայրենիի դասագրքերը եւ համայնքում ուսուցման պայմանները»: Այսքան միայն: Մեր կողմէ աւելցնենք, որ Յակոբ Չոլաքեան Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս հայերէնի երկարամեայ ուսուցիչ (առնուազն երեսուն տարիէ ի վեր), դասագիրքերու եւ բանասիրական գործերու հեղինակ է:
Այլ մասնակից մը, Երուանդ Զօրեան, աւելի «բախտաւոր» չէ եղած, որովհետեւ «Արմէնփրէս» անոր ելոյթին անդրադարձած է երեք տողով:
Մնացեալները մէկ ջուրով լուացուած են: Այսպէս. «Համաժողովի երկրորդ օրը Յունաստանից, Սիրիայից, Լիբանանից, Ֆրանսիայից եւ Եգիպտոսից եկած մասնագէտները ներկայացրել են իրենց երկրների համայնքների հայկական դպրոցների վիճակը, խօսեցին (Արդէն փոխուեցաւ բային ժամանակը. «ներկայացրել են-խօսեցին»: Այս ալ ուրիշ անգրագիտութիւն: Վ.Բ.) ուսուցիչների վերապատրաստման մեթոդների փոփոխութեան անհրաժեշտութեան, գոյութիւն ունեցող մայրենիի դասագրքերի անկատարութեան, դասաժամերի սակաւութեան եւ այլ հիմնախնդիրների մասին»:
Սորպոն համալսարանի դասախօս Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան ներկայացուցած է օտարախօսներու համար հայերէնի դասագիրքը (իր պատրաստութեամբ) եւ նշած է, որ «անհրաժեշտութիւն է առաջացել պահպանելու եւ պաշտպանելու արեւմտահայերէնը ինչպէս Սփիւռքում, այնպէս էլ հայրենիքում»: Այսքան միայն:
Իսկ Տորա Սագայեանի, Գէորգ Պարտաքճեանի, Յարութիւն Քիւր-քճեանի մասնակցութեան մասին ոչ իսկ նշում կայ: Չենք ալ գիտեր, թէ նշեալ անձնաւորութիւնները խօսք առնելով քննարկումներուն մասնակցա՞ծ են Այս մասին եւս լուռ է անկախ Հայաստանի սովետաբոյր «Արմէնփրէս»ը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումին անլրջութիւնը եւ ամէն գնով միայն անձի քարոզչութիւն կատարելու ձգտումը (աւելի ճիշդ՝ մոլուցքը) այնքան ողորմելի մակարդակի է, որ արգահատանք կը պատճառէ: Այսպէս, իր ելոյթին մէջ Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձած է հայերէնի ուսուցիչներու բարձրագոյն ուսում ունենալու անհրաժեշտութեան եւ անոնց վերապատրաստութեան, «աւելացնելով, որ 21րդ դարում մեծ է գիտելիքի եւ գաղափարի դերը» (Ներողութիւն, իսկ Քրիստոսէ առաջ 21րդ դարուն նոյնքան մեծ չէ՞ր գիտելիքի եւ գաղափարի դերը:): Ապա, (այս ալ անգրագէտ լեզուամտածողութեան եւ աժան քարոզչութեան ուրիշ գլուխ գործոց մը) «Հայը պէտք է գիտելիքակիր լինի եւ իր տեղը ունենայ քաղաքակիրթ աշխարհի աւելի բարձր աստիճաններում- փաստեց Հրանոյշ Յակբեանը»:
Ներողութիւն, բայց վիճելի ի՞նչ կէտ կար հոս, որ Հրանոյշ Յակոբեանը յաջողած է «փաստել»: Ոչինչ: Բացի «Արմէնփրէս»ին կողմէ իր իշխանական տիրոջ արջու ծառայութիւն մատուցելու սովետաշունչ մօտեցումէն:
Միակ խնդրայարոյցն ու վիճելին հոս, «Արմէնփրէս»ի անլուրջ մօտեցումն է այսքան լուրջ հարցի մը նկատմամբ: Մօտեցում մը, որ այսքան կարեւոր խնդիր մը կը վերածէ «շօ»ի, հրավառութեան:
Ափսոս կորսուած առիթին:
vproodian@gmail.com
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ ՀՅԴ Արխիւներու Հիմնարկի տնօրէնն է