ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ընթացիկ տարուան առաջին 6 ամիսներուն ընթացքին, «Ագարակի պղնձամոլիպդենային քոմպինաթ» ընկերութիւնը (ACMC), 2009ի երկրորդ կիսամեակի արտադրութեան ծաւալներուն համեմատ, պղինձի խտանիւթի արտադրութիւնը աւելցուցած է 12.29 տոկոսով, իսկ մոլիպդենի խտանիւթի արտադրութիւնը՝ 2.4 տոկոսով: Արտադրական ծաւալները կազմած են 15.159 թոն պղինձի եւ 254 թոն մոլիպդենի խտանիւթ:
Հայաստանի «GeoProMining» ընկերութիւններու խումբի մամլոյ ծառայութեան համաձայն, այս տարուան առաջին կիսամեակին արդիւնահանուած է 1487,596 թոն եւ վերամշակուած է 1445,634 թոն հանքաքար:
Յիշեցնենք, որ 2009ի Յունուար-Յունիս ամիսներուն, ԱՊՄԿն արտադրական գործունէութիւն չէ իրականացուցած: Սակայն նոյն տարուան երկրորդ կիսուն, ընկերակցութիւնը վերամշակած է շուրջ 1.3 միլիոն թոն հանքաքար, եւ իբրեւ արդիւնք, ստացած՝ շուրջ 248 թոն մոլիպդենի եւ 13,500 թոն պղինձի խտանիւթ:
Ներկայիս ընկերակցութեան մէջ իրականացուող ներդրումային ծրագիրին նպատակն է հանքավայրի գիտարուեստական վերազինումը եւ գործարանի վերակառուցումը:
Տնտեսական տեսանկիւնէն՝ վերակառուցման ծրագիրի իրականացումը կը բարձրացնէ հանքաքարի արդիւնահանման նախագծային ծաւալները եւ կ՛աւելցնէ հանքաքարի մշակումը՝ ընթացիկ 3 միլիոն թոնէն մինչեւ 3.5 միլիոն թոն:
Յիշեցնենք, որ «GeoProMining» ընկերութիւններուն խումբը «Ագարակի պղնձամոլիպդենային քոմպինաթ» ընկերութեան բաժնետոմսերը ձեռք բերած է 2007ի աւարտին: «GeoProMining»ը մասնագիտացած է բազմամետաղային հանքաքարերու եւ թանկարժէք մետաղներու արդիւնահանման ու հարստացման աշխատանքներու մէջ: Ընկերութեան հանքավայրերը եւ վերամշակման գործարանները կը գտնուին Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Վիեթնամի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.