ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուլիս 22ին հանդիպած է «Լոյս» հիմնադրամի կրթաթոշակառուներուն հետ ու շնորհաւորելով աշխարհի առաջնակարգ համալսարաններ ընդունուած ուսանողները՝ յայտարարած. «Ես ուզում եմ ձեզ շնորհաւորել ձեր աքթիւ դիրքորոշման համար: Բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով՝ դուք կարողացել էք ընդունուել առաջնակարգ կրթօճախներ, եւ միաժամանակ, կարողացել էք ինքներդ հոգալ ձեր ուսման ծախսը. գտնել «Լոյս» հիմնադրամը, պայքարել եւ այդ պայքարում յաղթող ճանաչուել: Սա շատ էական հանգամանք է, որովհետեւ գիտելիք ունենալը դեռեւս քիչ է. պէտք է կարողանալ այն համադրել աքթիւ դիրքորոշման հետ, եւ սա ձեր առաջին յաջողուած փորձն է»:
Երկրի ղեկավարը միաժամանակ նշած է, որ եթէ այդ ուսանողներէն ոեւէ մէկը կարենայ իր գործունէութիւնը շարունակել այնպիսի ոլորտներու մէջ եւ գիտական այնպիսի հաստատութիւններու մէջ, որոնք տակաւին գոյութիւն չունին Հայաստանի մէջ, այդ մէկը խրախուսելի կը համարուի, քանի որ շահաւէտ կրնայ ըլլալ նաեւ մեր երկրին ու ժողովուրդին համար: «Բայց եթէ դուք Հայաստան չվերադառնալով դրսում անէք այն աշխատանքը, որ կարող էք այստեղ անել՝ ձեզ ոեւէ մէկը չի հասկանայ», աւելցուցած է Ս. Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը «Լոյս»ի կրթաթոշակառուներուն յանձնած է հաւաստագիրներ եւ յաջողութիւն մաղթելով՝ նշած, որ անոնք իրենց թիկունքին մշտապէս պիտի զգան պետութեան աջակցութիւնը։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ անոնցմէ շատերը գործօն մասնակցութիւն պիտի ունենան մեր երկրի հետագայ զարգացման ու բարգաւաճման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.