ՊՈԼԻՍ.- «Միլլիյէթ»ի թղթակիցը կը նշէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու առաջին անգամ ըլլալով հիւսիսային Իրաքի մասին գործածած է «Քիւրտիստան» անունը։ Նախարարը ցաւակցական նամակ մը ղրկած է շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանիի՝ իր ցաւը յայտնելով Յուլիս 15ին Սիւլէյմանիյէյի պանդոկներէն մէկուն մէջ պատահած հրդեհին համար, որուն ընթացքին 28 հոգի մահացաւ:
Տաւութօղլու գրած է. «Իրաքի Քիւրտիստանի շրջանի նախագահ մեծայարգ Մասուտ Պարզանի»։ Անգարա Քիւրտիստանի փոխարէն սովորաբար կ՛օգտագործէ «Հիւսիսային Իրաք», «Իրաքի հիւսիսային հատուած» կամ «Իրաքի քրտական շրջան» արտայայտութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.