ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Սպիտակ տունը Երկուշաբթի, Յուլիս 26ին քննադատեց եւ երկրին ազգային ապահովութեան վտանգ հասցնող քայլ մը որակեց անցնող շաբաթավերջին լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակուած Աֆղանիստանի պատերազմին մասին ամերիկեան զինուորականներու աւելի քան 90 հազար գաղտնի զեկոյցները։ Նման տուեալներու հրապարակման մէջ մասնագիտացած «Ուիքիլիքզ» համացանցային կայքը յաջողած է ձեռք ձգել հակամարտութեան մասին հետախուզութեան իբրեւ արդիւնք ստացուած տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն, Աֆղանիստանի մէջ միջազգային ուժերը պարտութեան կը մատնուին, զինուորականները հարիւրաւոր խաղաղ բնակիչներ կը սպաննեն, թալիպաններու յարձակումներ կ՛աւելնան, իսկ ՆԱԹՕի ղեկավարները մտավախութիւն ունին, որ Փաքիստանն ու Իրանը կը սատարեն տարածաշրջանի անկայուն վիճակին։ Փաստաթուղթերը կը վկայեն նաեւ, որ Փաքիստանի գաղտնի սպասարկութիւնը կ՛աջակցի թալիպաններուն, հակառակ անոր, որ Միացեալ Նահանգները նիւթական հսկայ օժանդակութիւն կը տրամադրէ Փաքիստանին՝ շրջանին մէջ անկարգութիւններու դէմ պայքարին մէջ իրեն աջակցելու համար։ Աֆղանիստան եւ Փաքիստան եւս դատապարտած են այս բացայայտումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.