ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2010ի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 24ին, երեկոյեան ժամը 5:30էն սկսեալ, «Universal Sheraton» պանդոկին մէջ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին մեծագոյն ձեռնարկը հանդիսացող սոյն ճաշկերոյթին սովորաբար կը մասնակցին աւելի քան հազար հովանաւորներ եւ համակիրներ, ինչպէս նաեւ պետական ու համայնքային պաշտօնատարներ:
Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ յատուկ պատիւի պիտի արժանանան Հայ Դատին համար յատկանշական ներդրում ունեցած պաշտօնատարներ: Անցեալին մրցանակներ ստացած են ծերակուտականներ Ճօ Պայտըն եւ Ռապըրթ Մենենտեզ, մարդկային իրաւանց մասնագէտ Սըմենթա Փաուըրշ ,Գանատայի վարչապետ Սթեֆըն Հարփըր, նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն եւ այլ քաղաքագէտներ, արուեստագէտներ ու հեղինակներ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակ, (818) 500-1918 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.