Չորեքշաբթի, Յուլիս 21ի առաւօտուն, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Հայ կաթողիկէ համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Մանուէլ եպս. Պաթագեանի, ընկերակցութեամբ Լոս Անճելըսի ու շրջակայից նոր նշանակեալ ժողովրդապետ Գրիգոր վրդ. Շահինեանի, փոխժողովրդապետ Արմենակ վրդ. Պետրոսեանի, ինչպէս նաեւ համայնքի վարչական ներկայացուցիչներու։ Հանդիպման ներկայ եղաւ կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, իսկ աւելի ուշ՝ Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու մօտ կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեան, որ այս օրերուն Լոս Անճելըս կը գտնուի:
Ողջունելով յարգելի հիւրերուն ներկայութիւնը՝ առաջնորդը շնորհաւորեց հայր Գրիգորն ու հայր Արմենակը, իրենց նոր պաշտօններուն ստանձնումին առիթով, մաղթելով յաջողութիւն եւ օգտաշատ ծառայութիւն համայնքին ու հայութեան։
Խորհրդակցութեան նիւթ եղան հայութիւնը յուզող այժմէական հարցեր ու մասնաւորաբար՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութեան հասարակական կեանքին վերաբերող խնդիրներ։ Վեր առնուեցաւ այն իրողութիւնը, որ հայութեան տարբեր յարանուանութիւնները սերտօրէն կը գործակցին իրարու հետ, հոգեւոր կեանքի թէ ազգային հարցերու կալուածներուն մէջ, եւ թէ՝ այդ գործակցութեան շարունակումն ու զարգացումը մեծապէս կը նպաստէ մեր ժողովուրդին ու ազգային հարցերու հետապնդման։
Հանդիպումի աւարտին, առաջնորդը յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի հիւրերուն՝ միաժամանակ անոնց ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցելով Ազգ. առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքներուն մասին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.