ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Մինչ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Պել քաղաքը շահագործած պաշտօնատարներուն դէմ ժողովրդային բողոքի ալիքը կը շարունակէ վտանգի տակ պահել քաղաքապետական խորհուրդին հինգ անդամներէն չորսին պաշտօնը, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք Երկուշաբթի օր համաձայնած էին 100,000էն 8000 տոլարի իջեցնելու իրենց տարեկան վարձատրութիւնը, հազարաւոր մղոններ անդին տեղի ունեցած զեղծարարութեանց այլ միջադէպեր լուսարձակներ գրաւեցին:
Արդարեւ, Երեքշաբթի օր հրապարակուած Իրաքի վերակառուցման հարցերու հետաքննութեան յատուկ մարմինին տեղեկագիրը բացայայտեց, թէ 2004էն 2007ի միջեւ, Իրաքի քարիւղի արտածումներէն գոյացած 9.1 միլիառ տոլար գումարը, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ յանձնուած էր ամերիկեան իշխանութեանց՝ Իրաքը վերակառուցելու աշխատանքներուն համար ծախսելու, օգտագործուած է յոյժ անպատասխանատու կերպով: Ըստ տեղեկագրին, այդ գումարին գրեթէ 95 տոկոսին՝ այսինք 8.7 միլիառ տոլարին գործածութեան պարագային, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամբողջական փաստաթուղթեր չունի, մինչ 2.6 միլիառ տոլարը ծախսուած կամ անհետացած է, առանց ոչ մէկ փաստաթուղթի…
Յիշեցնենք, թէ այս գումարներուն կողքին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը նաեւ 53 միլիառ տոլար տրամադրած էր Իրաքի վերակառուցման համար: Այդ գումարին հաշուետուութիւնը եւս շատ հաւանաբար նման անբաղձալի պատկեր մը յառաջացնէ:
Վստահաբար, Իրաքը Միջին Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան օրինակը դարձնելու ամերիկեան նախկին վարչախումբին ծրագրին մաս չէին կազմեր երկրին հարստութիւնը մսխելու այս օրինակները, եւ կամ այդ մսխումներուն պատասխանատուները տեղեակ չէին պահուած իրենց մեծաւորներուն մարդասիրական նպատակներուն մասին…