ԱՆԳԱՐԱ, «Սի.Էն.Էն.».- Թուրքիա այցելող Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն Երեքշաբթի, Յուլիս 27ին յայտարարեց, թէ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելը «կենսական է Եւրոպայի տնտեսութեան, ապահովութեան, քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան համար»:
«Ես ինծի հարց կու տամ, թէ եւրոպական ո՞ր երկիրն է, որուն տնտեսութիւնը այս տարուան սկիզբը 11 տոկոսի աճ արձանագրեց, կամ 2050ին պիտի ըլլայ Եւրոպայի երկրորդ ամենամեծ տնտեսութիւնը: Նաեւ հարց կու տամ, թէ Եւրոմիութեան անդամ 27 երկիրներէն աւելի մեծ թիւով երիտասարդ բնակչութիւն ունեցող եւրոպական ի՞նչ երկիր գոյութիւն ունի եւ կամ Եւրոպայի մէջ պատկերասփիւռ արտադրող թիւ մէկ երկիրը ո՞րն է, որ նաեւ միայն Չինաստանէն ետ կը մնայ շինարարական մարզին մէջ: Անշուշտ, պատասխանը Թուրքիան է», աւելցուց ան՝ վերջին տողը թրքերէնով արտայայտուելով:
Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպում մը ունեցած եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները քննած Քեմրըն նաեւ յայտարարեց, թէ իր աշխարհագրական դիրքին շնորհիւ, Թուրքիա կրնայ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ լաւագոյն միջնորդը ըլլալ:
Եւրոպական Միութիւնը կը շեշտէ, թէ անդամակցութեան թեկնածու Թուրքիան պէտք է իրագործէ շարք մը բարեփոխումներ՝ լիիրաւ անդամ դառնալու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.