
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ, «Ազդակ».- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, երկուշաբթի, 26 Յուլիս 2010ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգ նահատակներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ երիտասարդական հաւաք՝ ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, նահատակներու ընտանեկան պարագաներուն, երիտասարդներու եւ պատանիներու։
Հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութենէն ետք, հաւաքին բացման խօսքը ՀՅԴ ԼԵՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով արտասանեց Եղիկ Թաշճեան։ Ան նշեց, որ Լիզպոնի գործողութենէն 27 տարի ետք, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր ուխտը՝ պահանջելով արդարութիւնը։
Թաշճեան ըսաւ, թէ հինգ տղաներուն՝ Սեդրակին, Սիմոնին, Արային, Սագոյին եւ Վաչէին պատգամը մէկ էր՝ ոչ ըսել անտարբերութեան, ձուլումին եւ նահանջին։
Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, որ նշեց, թէ Լիզպոնը հոգեղէն ներշնչման, պայքարի եւ հաւատքի աղբիւր է, որուն այսօր շատ կարիք ունինք։ Տէր Ղուկասեան աւելցուց, որ Լիզպոնը նաեւ մեր խղճին, կամքին եւ յանձնառութեան մասին խօսուն գործողութիւն մըն է։ Բանախօսը յայտնեց, որ Լիզպոնը Հայ Դատի ռազմավարութեան տրամաբանութեան մէջ տեղադրուած նպատակ ունեցող արարք է։
Լիզպոնի գործողութեան արժէքին մասին խօսելէ ետք, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկայացուց Հայ Դատի ժամանակակից պայքարի մարտահրաւէրները եւ այդ բոլորին մէջ Լիզպոնի ուխտին հաւատարիմ մնալու հրամայականը։
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան նաեւ հաստատեց, որ Լիզպոնը հանդիսացաւ արցախեան ազատագրական պայքարի ներշնչման հիմնական աղբիւրը։ Ան իր խօսքի աւարտին յայտնեց, որ պէտք է շարունակել Լիզպոնի ուղին՝ Հայ դատի պայքարը, իրականացնելու համար ամբողջական Հայաստանի տեսլականը։