ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, ԱՄՆի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ կատարուող հարցապնդումներուն ընթացքին, նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Ատրպէյճանի մօտ ամերիկեան շահերը ներկայացնելու համար առաջարկուած դեսպանութեան թեկնածու Մեթիու Պրայզան կը հաւաստիացնէր, որ եթէ հաստատուի իր պաշտօնին վրայ, ինք անկողմնակալ պիտի ըլլայ Պաքուի մէջ իր պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին:
Ատրպէյճանի վերնախաւը եւ Պաքուի ամերիկեան համայնքի անդամները հրճուանքով դիմաւորեցին Պրայզայի դեսպանութեան թեկնածու ըլլալու լուրը: Ատրպեճանական մամուլին մէջ լոյս տեսան զեկոյցներ, թէ՝ Պրայզան որքա՛ն սերտ յարաբերութիւններ ունի ազերի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Պրայզա կը պնդէ, որ ազերի քաղաքական վերնախաւին հետ ունեցած իր սերտ կապերն ու թուրք հասարակական գործիչ Զէյնօ Պարանի հետ ամուսնանալուն իրողութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով պիտի ազդեն Պաքուի մէջ ամերիկեան շահերը պաշտպանելու աշխատանքին վրայ:
Աւելին, Պրայզա կը փորձէ համոզել, որ իր պսակադրութեան ծախսերը վճարող Ատրպէյճանի ուժանիւթի նախարար Հիլմի Կիւլըրը եւ փեսաղբէր Իլմար Մամետեարովը ոչ մէկ ձեւով պիտի կրնան ուղղորդել իր քաղաքական հայեացքները: Չմոռնանք յիշելու, որ այս տեղեկութիւնները հրապարակ հանած ազերի լրագրողները անմիջապէս ձերբակալուած էին Պաքուի մէջ:
«Թուտէյզ Զաման» թրքական թերթը ժամանակին տեղեկագրած էր, որ Մամետեարով, Պրայզայի համալսարանական դասընկերներ Մայք Փոլաչեքի եւ Մայք Պորտընի կողքին, դեսպանութեան թեկնածուի ամուսնական «վկաներ»էն մէկը հանդիսացած էր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնց յարաբերութիւնները պաշտօնական բնոյթ չեն կրեր, այլ կեանքի կարեւոր պահեր կիսող շրջանակի սերտ մտերմութիւնը կը թելադրեն:
Պրայզայի կողմէ անկողմնակալութիւն՝ նման շրջանակի մը մէջ, դժուար թէ հաւատալի ու հնարաւոր ըլլայ: Աւելին, հակառակ իր հաւաստիացումներուն, Պրայզա խաչաձեւուող շահերու յորձանուտէն ինքզինք երբեք դուրս պիտի չկրնայ բերել:
Ծերակոյտի յանձնաժողովի անդամներ Պապ Մենենտեզի, Պարպարա Պաքսըրի, Ժին Շահինի արծարծած մտահոգութիւնները՝ շահերու նման խաչաձեւումի հաւանականութեան մասին, համոզիչ ոչ մէկ պատասխան ստացան Պրայզայէն:
Նախագահ Օպամա իր առաջադրած բոլոր թեկնածուներու պարագային, այնքա՛ն բծախնդիր մօտեցում ցուցաբերած է՝ հանգամանօրէն զննելով անոնց անցեալը, այնքան որ շատ մը պաշտօններ տակաւին թափուր կը մնան: Անհասկնալի կը մնայ, թէ ինչո՞ւ Պրայզայի պարագային նոյն բծախնդրութիւնը չէ ցուցաբերուած:
Լաւագոյն ելքը այս բարդ վիճակէն՝ Պրայզայի թեկնածութիւնը ետ վերցնելն է: Նախագահ Օպամա պէտք է ետ քաշէ Պրայզայի թեկնածութիւնը, իսկ եթէ այդ քայլին չդիմէ, ապա Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պէտք չէ վաւերացնէ զայն:
Այս սրիկան, ԵԱՀԿ-ի իր համանախագահութեան շրջանին ջուրի ճամբայ ըրած էր հայաստանի նախագահ Սարգսեանին հանդիպիլը արանձին, և անոր ականջը խածնելու չափ մօտիկ փսփսալով՝ Արձախի ազատագրուած «Տարածքներու դեմ Խաղաղութիւն» բառը, և որպէս ճնշում յիշեցնելով արեւմուտքի օրենքներուն անհամապատասխան իր նախագահ ընտրուիլը։