ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Քարվաճառ շրջանին մէջ աւարտած է Յուլիս 20ին սկսած «Վերագտնուած Հայաստան» խորագիրով ճանաչողական դասընթացքը, որուն մասնակցած են 5ական ուսանողներ՝ Երեւանէն եւ Արցախէն: «Սա փորձնական դասընթաց էր եւ հիմնականում ճանաչողական բնոյթ ունէր: Գրեթէ ամէն օր դուրս ենք գալիս ու փոքրիկ «էքսքուրս» անցկացնում Քարվաճառի յայտնի վայրերում, ծանօթանում տեղի յուշարձաններին եւ բնական հարստութիւններին», յայտնած է «Վերագտնուած Հայաստան» դասընթացքի պատասխանատու, Քարվաճառի բնակիչ Ալեքսանդր Քանանեան:
Դասընթացքի ծիրէն ներս ուսանողները ծանօթացած են հայոց նախաքրիստոնէական համակարգին, հայոց եկեղեցւոյ դաւանաբանական առանձնայատկութիւններուն, հայոց պատմութեան կարեւոր եւ հետաքրքրական դրուագներուն:
Ա. Քանանեան նաեւ նշած է, որ դասընթացքը նախատեսուած էր կազմակերպել Սփիւռքի երիտասարդութեան համար. անոր ընթացքին պիտի իրականացուէր հայրենաճանաչութեան գործառոյթ: «Քանի որ այդ ծրագրի իրականացումը ժամանակ եւ մօտ 30 միլիոն դրամ գումար էր պահանջում, ուստի որոշուեց աւելի սեղմ փորձնական ծրագրով դասընթաց իրականացնել», աւելցուցած է Ա. Քանանեան:
ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութենէն Տիգրան Աթանէսեան, իր կարգին յայտնած է, որ այս ծրագիրը իրականացած է Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան հետ գործակցաբար, եւ ցանկութիւն կայ զայն շարունակական դրոյթի վերածելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.